«Փարոս» բարեսիրական հիմնարկը (ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն) ստեղծուած է «Ղազարեան» հիմնադրամի բարեկամներուն եւ աջակցողներու կողմէ։
Այս գաղափարը ծնունդ առաւ հայ կնոջ եւ անոր ընտանեկան կեանքը բարելաւելու մտահոգութեամբ։ Հայաստանի մէջ հայ կինը կը պայքարի քայլ պահելու աշխարհի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն եւ որդեգրելու նոր կենսաձեւ։
Հայ կինը իր նիւթական եւ ընտանեկան կեանքի կայունացման համար մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Անոր համար նիւթական սահմանափակ կարելիութիւններով զաւակ մեծցնելը շատ դժուարին գործ մըն է։ Երբ այս դժուարութիւնները աւելի կը շեշտուին, անելի մատնելով կիները, հայ մօր միակ ժամանակաւոր լուծումը կ’ըլլայ զաւակներուն անտեսումը կամ լքումը։
Հայաստանի մէջ օրէ օր աւելի կը շատնայ որբերուն թիւը։ Եւ գաղտնիք մը չէ երբեք, որ որբանոցները այդ կարելիութիւնը եւ միջոցները չունին, օր ըստ օրէ աւելի աճող որբերուն նախնական պէտքերուն հասնելու համար։
Սփիւռքահայուն համար ցաւալի է այս բոլորը լսելը։ Սակայն հայ կնոջ եւ երեխային համար շատ աւելի տանջալից է ապրիլ այս դժուարութիւնները։
Հայ ընտանիքի կայունացման օժանդակելու համար, Սեդա Ղազարեան, «Փարոս»ի հիմնադիր եւ 1999էն ի վեր «Ղազարեան» հիմնադրամի ատենապետուհի, ինչպէս նաեւ Մելինէ Գարագաշեան, միջազգային հոգեբուժական «Հայկ» հիմնադրամի ատենապետուհի, միասնական ուժերով կը փորձեն երկար ժամանակամիջոցի մէջ նիւթական կարելիութիւններ ստեղծել, որպէսզի հայ մօր օգտակար ըլլան, որ ան ալ իր կարգին կարենայ պահպանել աւանդական հայ ընտանիքի կեանքը։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն զանազան կազմակերպութիւններ, որոնք կը փորձեն հայ մանուկի պէտքերուն հասնիլ, սակայն ցաւ ի սիրտ չկայ կազմակերպութիւն մը, որ հասնի այդ մանուկներու մայրերուն։
Հաւատալով, որ նիւթապէս եւ հոգեպէս զօրաւոր հայ կինը հեշտութեամբ կրնայ իր ոտքերուն վրայ կանգնիլ եւ կրնայ պահել իր ընտանիքը, «Փարոս»ը ուղղակիօրէն կը հոգայ նիւթական եւ հոգեկան կարիքները հայ մօր, որ իր կարգին մեծ դեր խաղացած է հայ ընտանիքի կայունացման եւ ամրապնդման մէջ։
«Փարոս»ի նպատակն է զօրացնել հայ ընտանիքը զօրաւոր հայրենիքի մը ի խնդիր։
Հայաստանի մէջ «Փարոս» հիմնադրամը կ’օժանդակէ աւելի քան 40 մայրերու եւ 80 երեխաներու, անոնց հայթայթելով պէտք եղած օժանդակութիւններ։
«Փարոս» հիմնարկի նպատակն է ձեր օգնութեամբ հայ կարիքաւոր մայրերուն առիթը ստեղծել, որ անոնք կարենան հետեւիլ յատուկ փորձառական դասընթացքներու եւ զաւակ մեծցնելու համար խորհրդատուութիւններու։ Այս բոլորը առիթը պիտի ստեղծեն, որ անոնք ամուր մնան իրենց զաւակներուն կողքին եւ որբանոցները չըլլան հարցերուն միակ լուծումը։
«Փարոս» հիմնարկը հակառակ իր ունեցած սահմանափակ միջոցներուն, «Ղազարեան» հիմնադրամի օժանդակութեամբ, արդէն իսկ նկատելի ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ։ Ցարդ անոնք պատասխանատու եղած են 80 երեխաներու որբանոցներէն հեռացնելու եւ իրենց ընտանեկան բոյներուն մէջ պահելու։ Երեւակայեցէք, թէ տակաւին ինչե՜ր կարելի է իրագործել ձեր օժանդակութեամբ։
«Փարոս» հիմնարկին համար դժուար է իր ծրագիրներուն յաջողութեան հասնիլ առանց ձեր սիրայօժար օժանդակութեան եւ ներդրումին։
Իսկապէս գնահատելի պիտի ըլլար, եթէ կարենայիք մօր մը եւ իր զաւակներուն օժանդակելու պատասխանատուութիւնը ստանձնել։ Այս օժանդակութիւնը կարելի է կատարել տարեկան կամ ամսական դրութեամբ։ Ամիսը 75 տոլար օժանդակութեամբ կրնաք հայ մօր մը կեանքին մէջ դրական մեծ դեր խաղալ։ Այս ձեւով պիտի տաք այդ ոսկի առիթը, որ ան կարենայ հետեւիլ փորձառական դասընթացքներու, որպէսզի իր զաւակները իր երդիքին տակ կարենայ պահել։
«Փարոս» Հիմնարկ