Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Ջերմուկ, ուր ունեցաւ հանդիպումներ տեղական իշխանութիւններուն եւ զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Մօտաւորապէս չորս ամիս առաջ այս պաշտօնը ստանձնած քարտուղարը զինուորականներու ընկերակցութեամբ այցելեց այն վայրերը, զորս Ատրպէյճան ռմբակոծեց Սեպտեմբեր 2022ի յարձակման ընթացքին՝ ծանօթանալով տիրող իրավիճակին:
Նոյն օրը Թասմակամպեթով հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերու, որոնց կարգին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տիրող իրավիճակին եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
Խօսելով սահմանային իրավիճակին մասին՝ Պապիկեան ներկայացուց ՀԱՊԿ հաւաքական պաշտպանութեան գործիքակազմերու գործարկման վերաբերեալ հարցերը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ակնկալութիւնները:


Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանելով Հայաստանի՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալու կարելիութեան մասին հարցումի մը՝ ըսաւ, որ 13 Սեպտեմբերին եւ 28 Հոկտեմբերին տեղի ունեցան ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստերը, Հայաստան այցելեցին կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս եւ ՀԱՊԿի միացեալ շտապի պետ Անաթոլի Սիտորովի գլխաւորած առաքելութիւնը: Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու ծրագիր նախապաստարուած է, եւ կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններուն՝ Երեւանի մէջ գումարուած նիստին գործնականին մէջ աւարտած է համապատասխան որոշումին մշակումը:
«Նոյն ժամանակ, հայ գործընկերներու որոշ պահանջներու պատճառով, որոնք խնդրայարոյց էին ՀԱՊԿի միւս անդամներուն համար, վերջապէս կարելի չեղաւ այդ որոշումը տալ», յայտնեց Զախարովա:
«Թերթ»ը կը տեղեկացնէ, թէ պաշտօնական Երեւան հրաժարեցաւ այդ առաքելութենէն, որովհետեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը հասցէական գնահատական չտուաւ Ատրպէյճանին՝ նախորդ տարի Հայաստանի տարածքը ներխուժելուն համար: Իսկ նախորդող օրերուն, Երեւան հրաժարեցաւ կառոյցին մէջ ընդհանուր փոխքարտուղարի պաշտօնէն, իսկ Յունուարին չեղարկուեցան Հայաստանի տարածքին մէջ ծրագրուած դաշինքի զօրավարժութիւնները: