Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Թոքաթ(եան) Յովսէփ, «Վանի Անհետացած Աշխարհը», «Ինքիլափ» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2023, 528 էջ, 23 x 32 սմ., (Վանի շրջանի աշխարհագրութեան, ազգագրութեան եւ մշակութային իւրայատկութիւններու ուսումնասիրութիւն) երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն:
– «Հայաստանի Պատմական Մշակութային Ժառանգութիւնը», Երեւան, 2023 (հայկական պատմա-մշակութային գանձերը օտարներուն ծանօթացնող հրապարակումներու ժողովածու), անգլերէն: Լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհի ծրագիրի ծիրին մէջ:
– Հայունի (Թոփալեան) Մեսրոպ վրդ., «Դանիէլ Վարուժան՝ Հոգեկանութեան Ծիրէն Ներս», «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենաշար թիւ 17, հրատարակութիւն «Փոմիկրավիւր» տպարանի, Այնճար, 2022:
– Մինասեան Սարգիս, «Լուսարձակ Վերջին Քառասնամեակի Վրայ», «Երեւան Փրինթինկ», Լոս Անճելոս, 2022, 355 էջ, 15 x 23 սմ. (1988-2022 ժամանակաշրջանին հեղինակուած շուրջ 50 խմբագրականներու եւ յօդուածներու ժողովածու): Հեղինակը ժողովածուն ձօնած է իր տիկնոջ՝ Զարմուհի Ճինկէօզեան-Մինասեանին։
– «Նկարիչ Ստեղծագործողներ Նահատակուած 2020 Թուականի Արցախեան Պատերազմին», կազմող, նախաբանի եւ նահատակ նկարիչները ներկայացնող շարադրանքի հեղինակ Արա Հայթայեան, Երեւան, 2022 (2020ի աշնանային պատերազմի նահատակ 18 երիտասարդ գեղանկարիչներու կենսագրութիւնը, արուեստը, գունաւոր լուսանկարներ անոնց ստեղծագործութիւններէն): Պատկերագիրքը լոյս տեսած է «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– Պաղտասարեան Կորիւն վրդ., «Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Գաղտնիքները», Գ. մաս, խմբագիր՝ Յասմիկ Գուլակեան, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2022, 84 էջ, 14,6 x 20,3 սմ. (Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին մասին 20 պատմութիւններ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Հրատարակուած է Յարութիւն Ատոմեանի մեկենասութեամբ:
– Պետրոսեան Աշոտ, «Բաշքենդ-Արծուաշէն», Բ. գիրք, խմբագիր՝ Լիպարիտ Շուշանեան, «ՎՄՎ-Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 408 էջ + 16 էջ սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ներդիր, 14,5 x 20,3 սմ., (1992ին թշնամիին «նուիրուած» Արծուաշէն գիւղին պատմութիւնը Բ. Աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը): Լոյս տեսած է Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ, Շալիկօ Մանուչարեանի եւ Կամօ Խեչոյեանի հովանաւորութեամբ:
– Պօտուռեան Գառնիկ Կ., «Տարագրի Յուշեր 1915-1917», խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Միհրան Ա. Մինասեան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Յուշագրութիւններ» մատենաշար թիւ 8, «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 528 էջ, 15,1 x 21,1 սմ., (Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկայ պարտիզակիցի հեղինակին նկարագրութիւնը իր ծննդավայրին եւ տարագրութեան ճանապարհին իր տեսածներուն, հեղինակին կենսագրութիւնը, 677 ծանօթագրութիւններ, 6 յաւելուածներ, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան, լուսանկարներու եւ քարտէսներու, անձնանուններու, տեղանուններու եւ յատուկ անուններու ցանկեր): Տպագրութիւնը երաշխաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
– Տէրեան Յակոբ, «Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին», Բ. տպագրութիւն, Նիւ Եորք, 2022, 200 էջ, 15 x 23 սմ., երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն (Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արդի կացութեան եւ դիմագրաւած հարցերուն քննադատական քննարկումը, գիրքին վերաբերեալ զանազան անձնաւորութիւններէ ստացուած նամակներ):
– Տէրեան Յակոբ, «Ցոլքեր Ոսպնեակիս Ընդմէջէն», Նիւ Ճըրզի, 2023, 294 էջ, 15 x 23 սմ. (յօդուածներ, բարոյական մտորումներ, կրօնական խոկումներ, յուշեր հայրենական եւ սաղիմական այցելութիւններու մասին, թրքական ուրացումներու մերկացում եւ դատապարտում, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման վերաբերեալ սրտցաւ նշումներով յօդուածներ, հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը եւ լուսանկարներ):
– Տէրմարգար Սալիմ, «Հայեր Եւ Կաթողիկէներ. Ազատագրութենէ Մինչեւ Հերձուած. Հակասական Ինքնութիւն Մը Ազգերու Զարթօնքի Շրջանին (1809-1888)», «Սերֆ Փաթրիմուան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, Յունիս 2022, 852 էջ, 15,2 x 22,9 սմ., ֆրանսերէն: Հրատարակութիւնը հեղինակի դոկտորական ատենախօսութեան ընդլայնուած տարբերակն է:
– Քիւրքճեան Արմէն, «Համառօտ Պատմութիւն Համշէնի Եւ Համշէնահայութեան», անձնական հրատարակութիւն, Թորոնթօ, 2023, 58 էջ (բազմաթիւ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր քարտէսներ, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ այլ նիւթեր, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ):