
Տասնամեակի այս տարեդարձը, ամէն բանէ առաջ, որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, Աստուծոյ փառք տալու առիթ մը կ՛ընծայէ մեզի: Առիթ մը, որ կրնայ շատ դիւրաւ մեր ուշադրութենէն վրիպիլ, Նեւատա այս նահանգի, վայելքի կեդրոն՝ Լաս Վեկաս քաղաքի շլացնող լուսաւորութեան մէջ:
Տասնամեակի այս տարեդարձը, նոյնպէս, անհամեմատելի եւ անզուգակշիռ բաղդատականի մը առջեւ կը դնէ մեզ բոլորս, թէ՛ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ թէ՛ հաւատացեալներ՝ 17 դարերու պատմութեան հետ, որմէ մեզի աւանդ հասած այս սրբութիւնը՝ մեր պատմական Հայաստանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեսիլքով կը կանգնի այս անապատին մէջ: Մեր եկեղեցին ոչ թէ մղձաւանջի արդիւնք է, այլ ովասիս է անոնց՝ որոնք հոգեւոր ծարաւի յագուրդ կը փնտռեն:
Տասնամեակի այս տարեդարձին ուրախ առիթով, հաւաքական երախտագիտութեամբ կ՛անդրադառնանք բոլոր անոնց, որոնք իրենց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ նիւթաբարոյեական մասնակցութիւնը բերին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շէնքի կառուցման ու օծման, եւ ցայսօր կը շարունակեն սատարել՝ անոր զարթօնքին ու պայծառակերպութեան:
Տասնամեակի այս տարեդարձին ուրախ առիթով, որպէս նորագոյն օղակ եւ վկան անոր առաւել քան երկու տարիներու պատմութեան, կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կ՛աղօթեմ, որ Աստուած ազգասէր ու եկեղեցանուէր մշակներ ղրկէ մեզի, որպէսզի մենք կարենանք օր մը հարիւրամեակ տօնել՝ Աստուծոյ փառքին համար:
Բարի տասնամեայ տարեդարձ՝ մեր հին ու նոր եկեղեցի:
Աղօթարար,
ԱՐՑԱԽ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԱՏՈՅԵԱՆ
Հոգեւոր Հովիւ