Հինգշաբթի, 4 Մայիսին, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Գանատայի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, նախապէս առնուած որոշումի մը հիման վրայ:
Թեմակալ առաջնորդները խորհրդակցեցան հայ ազգը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ թեմերը յուզող հարցերու շուրջ:
Առանցքային նիւթ դարձաւ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին հովուական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերը եւ այս առիթով վերջնականացուեցաւ ժամանակացոյցը:
Առաջնորդ հայրերը անգամ մը եւս յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը պիտի սատարէ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:
Սրբազան հայրերը զեկոյցներ լսեցին թեմերուն մէջ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան իրագործուող աշխատանքներու մասին եւ քննարկեցին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է փոխանակել եւ օգտուիլ այդ աշխատանքներէն: Անոնք յանձնարարեցին երեք թեմերու Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքներու վարիչներու միացեալ հանդիպում մը՝ թափ տալու համար դաստիարակչական եւ հրատարակչական միջթեմական ծրագիրներու:
Առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց որոշումը՝ պարբերաբար ունենալու նման հանդիպում-ժողովներ՝ միացեալ աշխատանքներ յառաջ տանելու եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորելու հայ կեանքին մէջ, ի փառս Աստուծոյ: