Կիրակի օր, Արաբական լիկան՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, Սուրիոյ եւ Սուտանի հարցերուն օրակարգերով գումարեց արտակարգ նիստեր:
Առաջին նիստը, որ յատկացուած էր Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն, որոշեց Սուրիան Արաբական լիկա վերադարձնելու գործընթացին սկսիլ։ Նիստին ներկայ եղան Արաբական լիկայի 22 անդամներէն 13ին արտաքին գործոց նախարարները։
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտարարեց, որ բոլոր արաբական երկիրները ներգրաւուած են սուրիական տագնապին վերջ տալու քայլին մէջ, սակայն գործելաոճի շուրջ տարակարծութիւններ կան:
«Բոլորը կը նկատեն, որ քաղաքական հոլովոյթի յաջողութիւնը կը պահանջէ միջազգային ընտանիքի եւ Սուրիոյ կառավարութեան ներգրաւուածութիւնը՝ լուծելու համար տագնապի մարտահրաւէրները», «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ան:
Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն քննադատեցին արտաքին գործոց նախարարներու որոշումը։
Արաբական լիկային՝ Սուրիոյ անդակամցութիւնը սառեցուած էր մօտաւորապէս 12 տարի առաջ, գրեթէ կէս միլիոն զոհ խլած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։