
Երկուշաբթի, 5 Յունիսի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսըը, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հետեւելով վեհափառին 2023 տարուան հռչակագիրին, կազմակերպուած էր «Սփիւռք» խորագիրով աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին հարցուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։
Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր՝ քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնը եւ երկխօսութիւնը՝ Սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւներուն մասին, եւ որոնել մարտահրաւէրները յաղթահարելու միջոցներ։
Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան բացումը կատարեց աշխատանքային հանդիպումին՝ ներկայացնելով Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը հայրապետի Սփիւռքի տարի հռչակման առթիւ։
Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ կաթողիկոսի հռչակագիրէն բաժին մը, ուր վեհափառը կը խօսի հզօր Սփիւռք ունենալու հրամայականին մասին. «Պէտք է վերարժեւորել եւ սերտել մեր կատարելիք աշխատանքները, որպէսզի կարենանք կազմաւորել աւելի պայծառ եւ հզօր ապագայ ունեցող Սփիւռք մը։ Պէտք է ըլլանք իրատէս եւ տեսնենք մեր Սփիւռքին նոր մարտահրաւէրները ու պէտք է միասնական ոգիով կեդրոնանալ եւ սերտել, թէ ինչպէս կրնանք այդ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել»։ Ապա, առաջնորդը հրաւիրեց կաթողիկոսը, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը։


Վեհափառը ուրախութիւն յայտնեց գործակից միութիւններու պատասխանատուներու, ներկայացուցիչներուն, մանաւանդ՝ երիտասարդ պատասխանատուներուն հետ հանդիպելու առիթին համար. «Ես կը հաւատամ, որ երիտասարդներն են, որոնք պիտի դիմագրաւեն շատ մը մարտահրաւէրներ։ Պէտք է զանոնք առաւել եւս ներգրաւել եւ ոչ թէ զանոնք պահել հանդիսատէսի դիրքին վրայ», ըսաւ հայրապետը, որ շեշտեց կարեւորութիւնը ինքնաճանաչողութեան եւ մէկ ըլլալու գաղափարին, այդպիսով կարելի է տեսնել ճշմարտութիւնը։ «Չենք կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց, այդ իսկ պատճառով անցնող երկու տարիները «Սփիւռքի Տարի» հռչակեցի։ Այսպէս միասնաբար իրապաշտ ըլլալով կարենանք վստահեցնել, որ մեր Սփիւռքը կը մնայ ապրող իրականութիւն», շեշտեց կաթողիկոսը՝ աւելցնելով. «Պէտք է պատշաճեցնենք եւ բարեփոխենք մեր մօտեցումները եւ այդպիսով տեսնել այսօրուան Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Պէտք է մենք զմեզ միացնենք մեր ապրած շրջանակին մէջ, բայց պէտք է նաեւ ամուր պահենք մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը»։
Հանդիպման աւարտին ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղելու հայրապետին եւ ստացան շինիչ պատասխաններ։