«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» (Amnesty International) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը «Թուիթըր»ի վրայ գրառումի մը միջոցաւ ընդգծեց, որ 15 Յունիսի Ատրպէյճան դադրեցուց ամբողջ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, որ մեկուսացուած Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհն է:
Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը շրջափակման մէջ է Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր, կը տեղեկացնէ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը: