Գերմանացի պաշտօնատարներ կոչ ուղղեցին՝ անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը, որ ամբողջութեամբ արգելափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ` Արցախի մէջ յարուցելով մարդասիրական ճգնաժամ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ նշեալ գերմանացի պաշտօնատարները այս մասին հրապարակումներ կատարեցին «Թուիթըր»ի իրենց պաշտօնական էջերուն վրայ:
«Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի: Անընդունելի է, որ նոյնիսկ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնը Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխելը անկարելի եղած է: Անհրաժեշտ է ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի իրավիճակը աւելի չլարուի», գրած է Գորմանիոյ Պունտեսթակի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ Ռենաթա Ալթ:
Գերմանիոյ կառավարութեան` Հարաւային Կովկասի, Մոլտովայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ միջհասարակական համագործակցութեան հարցերու համակարգող, Պունտեսթակի պատգամաւոր, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Պունտեսթակի պատուիրակութեան ղեկավար Ռոպին Վակենըր կը նշէ, որ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին: «Բոլոր գործողութիւններուն հիմքը պէտք է ըլլայ տեղւոյն բնակչութեան բարեկեցութիւնը, որմով պէտք է առաջնորդուիլ: Այս կը ներառէ մարդոց եւ ապրանքներու տեղափոխման բոլոր ուղիներու, ներառեալ՝ Լաչինի միջանցքի անխափան եւ ապահով ըլլալու երաշխիքը», գրած է ան:
Գերմանացի պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, Կանաչներու խմբակցութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու զեկուցող Մերլէ Շպելպըրկ կ՛ընդգծէ, որ, այս շաբաթուան դրութեամբ, արդէն կայ դրական նորութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար: «Այս օգնութիւնը կրնայ մեղմացնել սուր արտակարգ դրութիւնը: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի որեւէ փակում հրատապ կերպով պէտք է դադրեցուի: Մարդկային կեանքերը աշխարհաքաղաքական լծակ չեն կրնար ըլլալ», կը յայտնէ ան։