Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական պաշարման պատճառով, դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու աւելցող սուր սղութեան պատճառով, Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը դիմեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ տարհանելու երիկամներու մաքրութեան ենթարկուող հիւանդները Հայաստանի մասնագիտական բժշկական կեդրոններ, այլապէս բժշկական սարքերու վերջանալէն շուրջ մէկ շաբաթ ետք այդ հիւանդները կը մահանան:
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կան նման 41 հիւանդներ, որոնցմէ 19ը վերջին օրերուն տեղափոխուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ Կարմիր Խաչին կողմէ, իսկ 10 ուրիշներ պիտի փոխադրուին 15 Օգոստոսին: Թէեւ բոլորին առաջարկուեցաւ երթալ Հայաստան, սակայն 41 հիւանդներէն 12ը մերժեցին դուրս գալ Արցախէն:
«Մենք ստիպուած ենք գնացել հիւանդներին տարհանելու քայլին, քանի որ շուրջ երկու շաբաթուայ ընթացքում կը վերջանան հեմոդիալիզի համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաները: Հեմոդիալիզի հնարաւորութեան բացակայութեան պայմաններում հիւանդների օրգանիզմում կտրուկ կերպով կը բարձրանայ ազոտի մակարդակը՝ միջինը մօտ մէկ շաբաթից անխուսափելիօրէն յանգեցնելով նրանց մահուան», նշեց մասնագէտ բժիշկ Ք. Աւագիմեան:
«Ես պառկած հիւանդ եմ, խնամակալ ունեմ տանը: Ես էլ եմ ուզում ապրել, ինձ նմաններն էլ են ուզում ապրել: Խնդրում եմ աշխարհին օգնել ղարաբաղցիներին, օգնել դիալիզ ստացող եւ մնացած ծանր հիւանդներին ոտքի կանգնել: Ես այս դրութեամբ չեմ կարող գնալ Երեւան բուժման նպատակով, որովհետեւ ես ուզում եմ՝ գամուած սայլակին մեռնել Արցախում եւ թաղուել իմ գերեզմանոցում», նշեց 64ամեայ Վերա Յովսէփեան, որ շաքարախտի պատճառով կորսնցուցած է տեսողութիւնը, չի կրնար քալել եւ հինգ տարի շարունակ կ՛ենթարկուի երիկամներու մաքրութեան:
Բացի այդ, Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ յայտնաբերուեցան ափրիկական ժանտախտի 2 օճախներ: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմի անասնաբուծութեան եւ անասնաբուժութեան վարչութեան պետ Ռադիկ Գէորգեան՝ մանրամասնելով, որ ներկայ պահուան դրութեամբ յայտնաբերուած եւ անարիւն եղանակով ոչնչացուած է 55 գլուխ խոզ՝ մօտաւորապէս 2900 քիլոկրամ ծանրութեամբ: Ան աւելցուց, որ բոլոր անասնաբոյժերը իրազեկ դարձած են այս մասին եւ զգոյշ կը հետեւին, որպէսզի կարելի ըլլայ վարակին տարածումը կանխարգիլել: