Իւրայատուկ ճաշարաններու նուիրուած Food Network կայանի Diners, Drive-Ins and Dives յայտագիրի հաղորդավար Կայ Ֆիյէրի 18 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9ին, լուսարձակի տակ պիտի առնէ Փոքրիկ Հայաստանի յայտնի ճաշարաններէն՝ «Մարուշ»ը։
Շարք մը «Էմի» մրցանակներու արժանացած յայտագիրին հաղորդավարը ւ յայտնի խոհարար Նէյշա Էրինկթն Ապրիլին այցելած էին «Մարուշ», խոհարար եւ ճաշարանին համասեփականատէր Նելլի Թաթրեանի հետ սոյն յայտագիրը պատրաստելու նպատակով։
Հայկական եւ լիբանանեան ճաշեր սպասարկող ճաշարանը բացուած է 1982ին, 4905 Santa Monica Boulevard հասցէին։
