Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը այսու կը յայտնեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 12րդ տարեդարձին առիթով, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Կիրակի, 24 Յունիս 2007ին տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական մաղթանք։
Առաջնորդ սրբազանը պիտի այցելէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճար եւ պիտի հանդիսապետէ արարողութեանց։
Վստահ ենք որ մեր ժողովուրդը խուռներամ եկեղեցի պիտի երթայ Կիրակի օր ու աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած, խնդրելով, որ Երկնաւոր Հայրը արեւշատութիւն պարգեւէ վեհափառ հայրապետին ու բոլորիս ընծայէ իր հովանին վայելելու երկար տարիներ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ