Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան 31 Օգոստոսի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Կոռնիձորի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ սպասող մարդասիրական բեռներով արդէն 32 բեռնատարներուն կարելիութիւն չի տրուիր մուտք գործել Արցախ՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեամբ, Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի հայութիւնը սովահարութեան միջոցով ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը: Պաքուի քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է Արցախի տարածքը պարպել հայերէ:
«Ինչպէս նախկինում ասել եմ՝ Ադրբեջանը պլանաւորում (կը ծրագրէ) է հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամի ամենասուր հատուածում, կամ գուցէ աւելի սուր հատուածում, միակողմանիօրէն բացել Լաչինի միջանցքը, այսինքն՝ Լեռնայից Ղարաբաղից թոյլատրել մարդկանց ելքը եւ թոյլ չտալ վերադարձը», ըսաւ Փաշինեան՝ յայտարարելով, որ ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման այս քաղաքականութիւնը տեղի կ՛ունենայ 21րդ դարուն՝ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ:
Ճաշինեան վերահաստատեց, որ ստեղծուած իրավիճակին ելքը կը տեսնէ միջազգային գործիքակազմի մը ծիրին մէջ՝ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով: Ան շետեց, որ հակառակ պարագային, Պաքու ամէն ձեւով պիտի վիժեցնէ երկխօսութեան կարելիութիւնը:
Ըստ Փաշինեանի՝ պէտք է շարունակել Արցախի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ միջազգային ուշադրութիւն կեդրոնացնելու ջանքերը՝ իբրեւ հիմք ունենալով ՄԱԿի դատարանի 22 Փետրուարի եւ 6 Յուլիսի որոշումները՝ պարտադրելու Ատրպէյճանին ձեռնարկելու բոլոր միջոցներուն՝ բանալու համար Լաչինի միջանցքը երկու ուղղութիւններով:
«Այս որոշման բացայայտ արհամարհումը Ադրբեջանի կողմից այդ երկրի հայրենազրկման քաղաքականութեան բացայայտ դրսեւորում է», ըսաւ Փաշինեան՝ եզրափակելով. «Մենք պէտք է անյոգնել առաջ մղենք Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու գաղափարը, որովհետեւ յատկապէս հիմա դա բացարձակ անհրաժեշտութիւն է: Առաջնային խնդիրը, սակայն, մնում է Լեռնային Ղարաբաղ րոպէ առաջ հրատապ հումանիտար բեռների հասցէագրումը եւ նրանց մուտքի հնարաւորութեան ապահովումը»:
ՊԱՔՈՒ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՑ
Փաշինեանի յայտարարութենէն ժամեր ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս Ատրպէյճանը կը մեղադրէ ցեղասպանութիւն իրականացնելու յանցանքով, առանց որեւէ հիմնաւորման:
Նախարարութիւնը նշեց, որ եթէ հայկական կողմը իսկապէս օգնութեան կարիք ունի, անոնք չէին փակեր խաղաղապահներու ճամբան եւ չէին խոչընդոտեր ապրանքներու տեղափոխումը: Ծանր մարդասիրական ճգնաժամի մասին յայտարարութիւնները նախարարութիւնը «քաղաքական շահարկում» նկատեց:
Արցախի հայերու հեռանալուն համար միակողմանիօրէն Լաչինի միջանցքը բանալու յայտարարութիւններուն արձագանգելով՝ Պաքու անգամ մը եւս վստահեցուց, որ «Լաչինի անցակէտին մէջ պայմաններ ստեղծուած են երկկողմանի երթեւեկութեան համար, առ այդ, ցեղային զտումներու քաղաքականութիւն իրականացնելու մեղադրանքները անհեթեթ են»:
«Հայաստանի վարչապետը խօսքերով կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Եթէ այդպէս է, պէտք է աջակցի Ղարաբաղի հայերու վերահամարկման քաղաքականութեան եւ ձեռնապահ մնայ Ատրպէյճանի ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը խախտելէ», դիտել կու տայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: