


Թամ Լանթոսի անուան Քոնկրեսի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովը 6 Սեպտեմբերին քննարկեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքի փակումին պատճառով Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամը, քննադատելով նախագահ Պայտընի վարչակազմին կրաւորական կեցուածքը եւ ազդարարելով, որ այդ կեցուածքը կրնայ առաջնորդել այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգները նկատուի Արցախի 120,000 հայութեան ցեղասպանութեան մեղսակից։
Քննարկումին բացումը կատարեց յանձնաժողովի համանախագահ, քոնկրեսական Քրիսթըֆըր Սմիթ, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յայտնի ջատագով մըն է եւ էական ներդրում ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն մէջ։ Ան քննադատեց այն իրողութիւնը, որ վարչակազմի պաշտօնատարները ներկայ չեն քննարկումին, հակառակ անոնց առաքուած հրաւէրին։
«Այս նիստը երկու դատարկ աթոռ ունի՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID): Ես խնդրեցի, որ երկուքն ալ մասնակցին այս նիստին, սակայն դիմումս մնաց անպատասխան: Ոչ մէկ արձագանգ: 1995էն ի վեր նախագահած եմ հարիւրաւոր լսումներու՝ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ USAID-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Այս մէկը անպատասխանատուութեան բացարձակ եզակի դէպք է», յայտարարեց Սմիթ՝ քննադատելով նաեւ այն իրողութիւնը, որ վարչակազմը տագնապին մէջ առաւել գործօն դերակատարութիւն ստանձնելու կոչերը անտեսած է:
Լսումներուն հրաւիրուած էր Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, որ վերջերս հաստատած էր, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը կարելի է ցեղասպանութիւն նկատել։
Օքամփօ դիտել տուաւ, որ նախագահ Պայտըն կամ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կրնան Ալիեւէն պահանջել, որ անմիջապէս եւ անվերապահօրէն վերաբանայ Լաչինի միջանցքը, այլապէս կրնան Ալիեւը համարել ցեղասպանութեան պատասխանատու, ինչ որ բազմաթիւ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ան յիշեցուց Պայտընի՝ 2021ի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ կրկնուի՝ շեշտելով, որ հիմա ժամանակն է այդ խօսքը գործի վերածելու, ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու համար։
Ան հանգամանօրէն հակադարձեց այն պնդումներուն, թէ Ուաշինկթընէն կտրուկ քայլեր կրնան վնաս հասցնել հայկական կողմին եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն։ «Բանակցութիւնը ցեղասպանին եւ անոր զոհերուն միջեւ է: Կարելի չէր բանակցութիւններ հայցել Հիթլերի եւ Աշուիցի բանտարկեալներուն միջեւ, ինչ որ նման է Ալիեւի եւ ղարաբաղցիներուն միջեւ բանակութիւններուն: Այդ մէկը կարելի չէ բանակցութիւն կոչել: Նկատի ունենալով, որ նախագահ Ալիեւ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը փորձէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութիւնը ժխտելուն ուղղուած Ամերիկայի քաղաքականութիւնը կրնայ մեղսակցութիւն համարուիլ», յայտարարեց Օքամփօ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քոլոմպիա համալսարանի «Արցախի բռնարարքներու ծրագրի տնօրէն եւ Ճորճթաունի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Տէյվիտ Ֆիլիփս, որ նոյնպէս քննադատեց ամերիկեան քաղաքականութիւնը եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի վայրագութիւնները։ Ան կոչ ըրաւ՝ Ատրպէյճանի եւ անոր ղեկավարութեան դէմ ամերիկեան կտրուկ պատժամիջոցներ կիրառելու եւ քննադատեց միջազգային հանրութիւնը, որ ցարդ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ չէ կիրառած՝ շեշտելով. «Միջազգային հանրութիւնը չկրցաւ պատժամիջոց կիրառել 2016ի եւ 2020ի պատերազմներուն ընթացքին յանցագործութիւններ կատարած անձերուն դէմ: Միջազգային հանրութեան այդ ձախողութիւնը պատգամ էր Պաքուին, որ կրնայ անպատիժ շարունակել ոճիրները եւ խուսափիլ մարդկութեան դէմ իր յանցագործութիւններուն, ցեղային զտումներուն եւ ցեղասպանութեան համար պատիժներէն»:
Ան աւելցուց, որ իր կեցուածքով, Պայտընի վարչակազմը ցոյց կու տայ, թէ իրեն համար քարիւղը եւ կազը աւելի կարեւոր են, քան՝ Արցախի հայերը։