Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկ Հայկ Վարվառեան ծնած է Եոզկատ, 1884ին: Հօրը անուն եղած է Ստեփան Վարվառեան: Հայկ ունեցած է երկու քոյրեր եւ իրմէ տասը տարի պզտիկ եղբայր մը: Երկու քոյրերը սպաննուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Հայկ Վարվառեան բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է: Մեկնած է Եգիպտոս, սակայն չէ ուզած մնալ իսլամական երկրի մը մէջ: Ուստի հաստատուած է Յունաստան, ուր չէ կրցած աշխատիլ իբրեւ բժիշկ, որովհետեւ Յունական կառավարութիւնը չէ ընդունած լիբանանեան վկայականը, ուստի ան զբաղած է վաճառականութեամբ: Տեղափոխուած է Պոլիս, եւ ամուսնացած է պոլսահայ աղջկայ մը հետ:
Յետագային պզտիկ եղբայրը, որ հակառակ իրեն, եղած է հանդարտ, ամուսնացած է Եգիպտոսի մէջ եւ ունեցած է տղայ զաւակ մը՝ Ստեփան Հայկ Վարվառեան: Նորածինին ծնողքը անոր երկրորդ անունը Հայկ կոչած են, որովհետեւ անոնք մեծ համակրանք ունեցած են բժիշկ Հայկ Վարվառեանին հանդէպ: Ստեփան անունն ալ եկած է իր մեծ հօրմէն՝ Ստեփանէն:
Բժիշկ Հայկ Վարվառեան եղած է խիզախ եւ ունեցած է նախաձեռնութիւններ ու արկածախնդրութիւններ:
Ան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է եւ 3 ամիս բանտարկուած՝ 1915ին: Յանցա՞նքը, որովհետեւ թուրք զինուորները իր տունը խուզարկելու պահուն, գտած են նամակ մը, ուր յիշուած է դաշնակի (դաշնամուր) ստանձնումի մը հարցը…: Թուրք զինուորները կարծած են, որ ան դաշնակցական գործիչ մըն է: Բանտին տնօրէնը տռփախտ (syphilis) հիւանդութեամբ վարակուած է եւ ան դարմանուած է բժիշկ Հայկին կողմէ նորաստեղծ «Սալւարսան» դեղով:
Այդ օրերուն, Էնվէր փաշային բարեկամ կին մը որովայնատիֆէ (typhoid) վարակուած է, բարձր ջերմով միասին: Բանտի զինուորական տնօրէնը Էնվէր փաշային հետ շատ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է, ուստի ան կը թելադրէ Էնվէր փաշային, որ տոքթ. Վարվառեան տեսնէ հիւանդ կինը: Բանտին տնօրէնին յանձնարարութեամբ, բժիշկ Հայկ կանչուած է Էնվէր փաշային կողմէ, որպէսզի բուժէ կինը: Բժիշկ Հայկ բուժած է հիւանդ կինը, օգտագործելով Մորֆին դեղը եւ պաղ ջուրի լոգանքը: Իր բժշկական յաջողութիւններուն շնորհիւ, Էնվէր ազատ արձակած է բժիշկ Վարվառեան եւ պաշտօնի կոչած՝ օսմանեան բանակին մէջ: Ան ծառայած է կովկասեան՝ ռուսական ճակատին վրայ, 1918ին:
Կովկասեան ճակատի վրայ բժիշկ Հայկ Վարվառեան եւ իր միակ հայ ընկերը՝ անասնաբուժութեան վիրաբոյժ տոքթոր Պոյաճեան կը գտնուին շատ բարձր լեռնային շրջանի մը մէջ: Ուշ գիշերով իրենց թուրք մեծաւորը, որ բժիշկ Վարվառեանին հետ շատ լաւ ընկեր եւ յարաբերութիւն ունեցած է նախապէս, կը մօտենայ երկու հայ բժիշկներուն եւ կը թելադրէ, որ շուտով փախուստ տան այդ գիշեր, որովհետեւ հրաման ստացած է կեդրոնական իշխանութենէն ձերբակալել բոլոր հայ զինուորական ծառայողները եւ ոչնչացնել զանոնք:
Բժիշկ Վարվառեան լաւ ձիավարժ եղած է եւ յաճախ խօսած է իր արաբական նժոյգներու մասին, որոնց կոչած է «Կրակ աչք»: Ուստի երկու հայ բժիշկները ձիերով ճամբայ կ՛ելլեն փախուստ տալու համար, սակայն կը հետապնդուին թուրք պահակներու կողմէ: Անոնք մեծ դժուարութիւններով կը հասնին ձոր մը եւ փախուստ կու տան թուրք պահակներէն: Անոնք երկար եւ դժուար ճամբորդութենէ ետք, լքելով կովկասեան ճակատը, կը հասնին ռուսական սահմանը: Երկու բժիշկներ ի վերջոյ կը հրաժարին ձիերէն եւ կը սկսին քալել ու կը հասնին ռուսական մեծ հիւանդանոց մը ուր տոքթորը կ՛ունենայ իր ամէնէն մեծ արկածախնդրութիւնը:
Բժիշկ Վարվառեան ռուսական հիւանդանոց գտնուած է Դեկտեմբեր ամսուն վերջերը: Հիւանդանոցը եղած է կովկասեան ճակատի ամէնէն մեծ հիւանդանոցը, որ ունեցած է չորս հազար անկողին: Հիւանդանոցին մէջ գործած են երկու օտար վիրաբոյժներ, մէկը ինք եւ երկրորդը՝ սերպ տոքթ. Միթրովիչը: Դեկտեմբեր 23ին, մօտակայ կայարանէն խուժան մը կը հասնի հիւանդանոց: Հիւանդանոցին պաշտօնէութիւնը անակնկալի կը մատնուի: Խուժանը դասալիք պոլշեւիկներէ բաղկացած էր: Անոնք Լենինի դրդումով իրենց մեծաւորները սպաննողներ եղած են: Հիւանդանոցին ապահովութիւնը վտանգուած կ՛ըլլայ եւ հիւանդանոցին մեծաւոր զինուորականը կը հրահանգէ պահակներուն գոցել հիւանդանոցին բոլոր մուտքերը: Յաջորդ օր, Դեկտեմբեր 24ին, Կարմիր բանակի զինուորներէ կազմուած երկրորդ խուժան մը կու գան հիւանդանոց, դուռը կը թակէն, հիւանդանոցին տնօրէնը եւ զինուորական պատասխանատուն կը վազեն դէպի դուռ եւ տեսնելով խուժանին ահաւորութիւնը, ստիպուած կը բանան դուռները եւ խուժանը կը մտնէ ներս: Ամէն կողմ կը տիրէ աւեր, կրակ եւ քանդում: Բժիշկ Վարվառեան ստիպուած բոլոր վիրաւորները կը բուժէ, վիրահատումներ եւ անդամահատումներ կը կատարէ: Ի վերջոյ տոքթորը դուրս կու գայ հիւանդանոցէն Դեկտեմբեր 25ին: Հիւանդանոցէն դուրս կը տեսնէ իր բժիշկ ընկերներէն շատերը, սպաննուած:
Բժիշկ Հայկ Վարվառեան իր Կովկասեան ճակատի ռուսական հիւանդանոցի արկածախնդրութիւնը նկարագրած է 1956ին, Armenian Review-ի մէջ:
1972ին բժիշկ Հայկ Վարվառեանի թոռնիկը՝ Հայկ Վարվառեան Ցիւրիխի «Կօթհարտ» պանդոկին մէջ, իր մեծ հօր հետ եղած է, որ ան պատմած է իր արկածախնդրութիւններէն բաժիններ:
Այս հանդիպումէն ետք բժիշկ Վարվառեան իր աղջկան հետ ապրած է Հարաւային Ափրիկէ եւ հոն մահացած է:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1․ Անձնական տեղեկութիւններ տէր եւ տիկին Պերճ եւ Նայիրի Չաքըճաններէն, Մոնթրէալ, 2020.
2․ Անձնական տեղեկութիւններ բժիշկ Հայկ Վարվառեանի եղբօրը տղայէն՝ Հայկ Ստեփան Վարվառեանէն եւ բժիշկին թոռնիկէն՝ Հայկ Վարվառեանէն:
3․ Dr. Haig Varvarian, When the Bolsheviks attacked our hospital, Armenian Review, USA, 1956.