ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբի կազմակեպած «Դէպի արմատներ» ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 28էն մինչեւ Յունիս 10ը, որուն մասնակցեցան 33 ուխտաւորներ։ Ուխտագնացութեան կը մասնակցէին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեան եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան անդամ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան։ Խումբը կ’առաջնորդէր Արմէն Արոյեան։ Ուխտագնացներէն Շրջ. վարչութեան փոխատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան այսպէս արտայայտեց իր տպաւորութիւնները.
«… Ուխտագնացութիւնը զգլխիչ եւ հոգեպարար էր, կազմակեպուած էր մեծ բծախնդրութեամբ, որուն համար մեր շնորհակալութեան խօսքը պէտք է յայտնենք ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանին եւ առաջնորդ Արմէն Արոյեանին։
Մեր պատմական հողերուն վրայ 33 ուխտաւորներս հանգրուան առ հանգրուան մեր նախնիներու աճիւններուն այցելութիւն տուինք, ամէն հանգրուան մեզ աւելի իրար միացուց եւ 33 հոգիներ մէկ մարդու նման, յարգանքի տուրք մատուցեցինք մեր նահատակներուն, խունկ ծխելով եւ ծունկ մը աղօթք ու շարական բարձրացնելով առ Աստուած։ Ճամբու տեւողութեան, շնորհիւ ուխտաւոր դասախօս Րաֆֆի Սէթեանի եւ Արմէն Արոյեանի, պատմական դէպքեր եւ դէմքեր վերակենդանացուցինք։
Այս ուխտագնացութեան ընթացքին, անկախ իր առթած հոգեկան բաւարարութենէն, խումբը յայտնաբերեց երկու նոր եկեղեցիներ, որոնք ցարդ կը մնային անյայտ, նաեւ ուխտաւորներու կողմէ եղած սրտաբուխ նուիրատութիւններով շօշափելի գումար մը ապահովեց ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք։
Առաջին յայտնաբերուած եկեղեցին Կուտինայի եկեղեցին էր, որը դեռեւս կը պահպանէր իր նախնական կառոյցը. հոն էր, որ Կոմիտաս վարդապետ ապրած եւ ներշնչուած էր հայ եկեղեցւոյ շարականներով։
Երկրորդ վայրը Աֆիոն Գարահիսարն էր, ուր մեծ յուզումով ուխտաւորներս ականատես եղանք բնակարանի վերածուած եկեղեցւոյ մը, որուն անկիւնաքարը հայերէն արձանագրութեամբ հայորդիի մը պատկանող շիրմաքար մըն էր։
Ցնցիչ էր Սուլուխի շրջանը, Գէորգ Չաւուշի կամուրջը, հոն ամէն մէկ ուխտաւոր վերածուած էր Սօսէ Մայրիկի եւ իր ձայնը պարզած կ’երգէր՝ կանչ տալով ֆետայիներուն….
Եփրատը՝ մեր նահատակներու ողջ վկան, նուազ ցնցիչ չէր… հոն էր, որ մեր ուխտաւորուհին՝ օգնութեամբ մեր բոլորին, իր գլուխը օծեց Եփրատի ջուրերով, անգամ մը եւս հաստատելու իր հաւատարմութիւնը հանդէպ նահատակներու ձգած ժառանգին։
Ինչպէ՞ս դիմաւորել Արարատը, մեր Արարատը՝ բռնագրաւուած հողերու վրայ… աւելի լաւ ձեւ մը պիտի չըլլար, քան՝ ուխտաւորներուս ալ անակնալ եղող խումբ մը ընկերուհիներու կողմէ իրագործուած պաշտօնական հանդիսութիւնը… Այդ առաւօտ ուխտաւորներս բաժնուած էինք (մեր հագուստներով) երեք խումբերու, հայկական դրօշի երեք գոյներով եւ այդ գոյներու հերթականութեամբ հանդիսաւոր կերպով կիսաշրջանակ կազմած էինք Արարատի ստորոտը, մինչ ընկերուհիները, նախապէս Մարաշէն գնած եւ կարած եռագոյնը պարզած կը մօտենային խումբին։ Ուխտաւորներու խրոխտ եւ հպարտ յեղափոխական երգերը կը ճեղքէին երկնակամարը՝ հասնելով նահատակ ֆետայիներու հոգիներուն, որոնք անկասկած «կը սաւառնէին իբրեւ արծիւ» հայոց երբեմնի երկնակամարին վրայ։ Հանդիսութեան աւարտին յաղթական հնչեց ՀՕՄի քայլերգը։
Եւ մենք շրջեցանք մօտաւորապէս մէկ դար լքուած մեր պատմական հողերը, ամէն քայլափոխի հանդիպելով պատմական դէպքերը յիշեցնող վայրերու, սքանչանալով, յուզուելով, զարմանալով, թէ ինչպէս տակաւին կանգուն կը մնան մեր պապերու ձեռամբ կառուցուած հոյակերտ կոթողներ, որպէս անխօս վկաները մարդկային անգութ ոճիրի։
Ողջերթը նոյնպէ՛ս տպաւորիչ էր, որքան որ յուզիչ… վերադարձի գիշերը ողջերթի ընթրիքը Մարմարայի վրայ էր, բոլորս նոյն մտածումներով համակուած էինք, ինչպէ՞ս ձգել եւ մեկնիլ մեր պատմական հողերէն, ինչպէ՞ս ձգել մեր կոթողները եւ մեկնիլ, վերջապէս ինչպէ՞ս ձգել մեր հարազատներու աճիւնները անտէր եւ վերադառնալ… Մենք վերադարձանք՝ լիցքաւորուած հայրենասիրութեամբ, հոգեպէս հարստացած եւ որպէս նիւթեղէն յիշատակ մեր հետ բերինք ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած եռագոյն հիւսքեր, իբրեւ խորհրդանիշ մեր նահատակ մայրերուն ու քոյրերուն հետ մեր ազգային միաձուլուածութեան, նաեւ տուն դարձը յուշող մասունք… փոխարէնը՝ մեր սրտերը ձգեցինք հոն ֆիզիքապէս, ամբողջական վերադառնալու յոյսով»։
Ընկ. Կարինէ այսպէս աւարտեց իր խօսքը. «Ի սրտէ կը մաղթեմ, որ յառաջիկային եւս «Դէպի արմատներ» ուխտագնացութիւններ կազմակերպուին, յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որպէսզի անոնք ականատես վկաները ըլլան իրենց նախնիներու սեփականութիւնը եղող բերրի դաշտերուն, այգիներուն եւ անսահման հողատարածքներուն եւ միշտ իբրեւ ժառանգորդներ անվհատ ազգային պահանջատիրութեան գաղափարը վառ պահեն իրենց մէջ»։
(ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի 100 Ամեակի Հիմնադրամի Յանձնախումբ)