Ռուսիա Ատրպէյճանի դէմ դիւանագիտական բողոք ներկայացուց՝ «Ռուսիոյ չորս շրջաններուն մէջ Պաքուի յայտարարութեան գծով»: Հարցը կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած Ուքրանիոյ չորս շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, որոնք Պաքուի կողմէ «կեղծ» որակուած էին։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ շաբաթական իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց հետեւեալը. «Ատրպէյճանական կողմին ուղղուած դիւանագիտական բողոք ներկայացուեցաւ: Մենք ամէն ինչ ըսած ենք անոր մասին։ Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Պաքու պէտք է մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան հարցին վերաբերի նոյն յարգանքով, որ մեզմէ կ՛ակնկալեն մեր գործընկերները, երբ խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան»: