Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընթացք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Սարկաւագաց համագումարը՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ՝ Կրօնական ժողովին, ղեկավարութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի: Համագումարին հիւրաբար ներկայ եղաւ նաեւ Շահան արք. Սարգիսեան, որ հոգեւոր եւ վարչական տարիներու իր փորձառութենէն օրինակներ ներկայացուց եւ թելադրանքներ կատարեց:
Համագումարին մասնակցեցան Լոս Անճելըսի սարկաւագները, մինչ հեռաւոր շրջաններու սարկաւագները իրենց մասնակցութիւնը բերին առցանց:
Հայր Զարեհի բացման խօսքէն ետք, սարկաւագները հաղորդակից դարձան հոգեբանութեան դասախօսներ Շաղիկ Գանտահարեան Խիւտավէրտեանի (Լիբանանէն, առցանց) եւ Նորա Շիթիլեանի մասնագիտական բանախօսութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին ինքնութեան կազմաւորման, համայնքային կեանքի, արժեհամակարգերու որդեգրման կարեւորութեան, առողջ հաղորդակցութեան ձեւերու եւ մարդկային ընկերութիւններու այլ երեսներուն:
Մինչեւ կէսօր տեւած համագումարին աւարտին, սարկաւագները նաեւ ունեցան ընկերայի ժամ, Ազգային առաջնորդարանի երդիքին տակ:
