Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սըմենթա Փաուըր Հիգնգշաբթի, 28 Սեպտեմբերին յայտարարեց, թէ կազմուած է Հարաւային Կովկասի աղէտներու արձագանգման խմբակ մը (Disaster Assistance Response Team, DART)՝ համակարգելու համար Արցախի աղէտէն տուժած անձերուն ամերիկեան մարդասիրական աջակցութիւնը:
Փաուըր նշեց, որ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է Արցախի խոցելի բնակչութեան ապահովութեամբ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան՝ բռնի տեղահանուածները ընդունելուն եւ անոնց ապաստան տալուն համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը ջանան աղէտեալներու կարիքներուն հասնիլ:
«Խմբակը պիտի գնահատէ իրավիճակը, պիտի պարզէ առաջնահերթ կարիքները եւ պիտի աշխատի գործընկերներու հետ՝ ապահովելու համար հրատապ անհրաժեշտ օգնութիւն», ըսաւ ան, «անընդունելի» որակելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի անցեալ շաբթուան ռազմական գործողութիւնը, որ մեծապէս վատթարացուց արդէն իսկ սարսափելի իրավիճակը: