28 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ի դրութեամբ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած 76,000 արցախցիներ մուտք գործեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան՝ աւելցնելով, որ Հակարիի կամուրջը հատեցին 15,535 փոխադրամիջոցներ:
Միւս կողմէ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն՝ չհեռանալու երկրէն եւ վերահամարկուելու: «Եթէ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան մէկ մասը չի փափաքիր ապրիլ եւ ենթարկուիլ Ատրպէյճանի օրէնքներուն, մենք չենք կրնար այդ մէկը պարտադրել անոնց: Ընդհակառակը՝ մենք կոչ կ՛ուղղենք հայ բնակչութեան՝ չհեռանալու իրենց բնակութեան վայրերէն եւ դառնալու Ատրպէյճանի բազմազգ հասարակութեան մէկ մասը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու համար, Հայաստան պէտք չէ խոչընդոտէ հայ բնակիչներուն վերահամարկման գործընթացը: «Հայաստան պէտք է կեդրոնանայ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներուն վրայ՝ հիմնուած խաղաղութեան պայմանագիրի եւ բանակցային գործընթացը յաջող աւարտին հասցնելուն վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու գրանցման գործընթացին՝ անոնց իրաւական կարգավիճակը որոշելու համար:

Լեռնային Ղարաբաղէն հայութեան բռնի տեղահանութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն հոն այլեւս հայ չի մնար: «Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ելքն Ադրբեջանի կողմից իրագործուող էթնիկ (ցեղային) զտումների քաղաքականութեան արդիւնքում շարունակւում է: Վերլուծութիւնները ցոյց են տալիս, որ առաջիկայ օրերին Լեռնային Ղարաբաղում այլեւս հայ չի մնայ: Սա էթնիկ զտման եւ հայրենազրկման ուղղակի ակտ (արարք) է եւ այն, ինչի մասին մենք երկար ժամանակ ահազանգում էինք միջազգային հանրութեանը», ըսաւ ան:
Փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան իր կարգին տեղեկացուց, որ կառավարութիւնը զբաղած է հազարաւոր առանց տանիքի մարդիկը տեղաւորելու ու հրատապ կարիքները հոգալու հարցերով, զանոնք նախ կ՛արձանագրէ Կոռնիձորի, Վայքի եւ Գորիսի մէջ, ապա ժամանակաւոր կացարաններ կ՛առաջարկուի անոնց: «Բաշխուածութիւնը մարզերի միջեւ գրեթէ նոյնն է, եթէ որոշ քանակով աւելի են, օրինակ, Կոտայքում, Սիւնիքում օթեւան գտած անձանց քանակը, նրանք այլ մարզերում բաշխուած են առաւել հաւասարապէս», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, 27 Սեպտեմբերի գիշերը Արցախի մէջ փրկարարները Ասկերանի շրջանի Խաչէն գիւղի վարչական տարածքէն յայտնաբերեցին եւ Ստեփանակերտ տեղափոխեցին անյայտ կորսուած նկատուող, Մարտակերտի շրջանի Յարութիւնագոմեր գիւղի 6 բնակիչներ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը՝ դիտել տալով. «Վերջիններիս հետ մէկ շաբաթ կապ հաստատել չէր յաջողւում: Այժմ նրանց կեանքին վտանգ չի սպառնում»: