Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Արցախէն տեղահանուածներու օժանդակութիւն հասցնելու ջանքերուն աջակցելու ի նպաստ նախաճաշ մը Փասատինայի «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած է մասնաճիւղէն համազգայնական մը, որուն շնորհիւ հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Զօրակցիր մեր հերոսներուն» (Support our Heros) կազմակերպութեան, որ ներկայիս Սիւնիքի մէջ օժանդակութիւն կը հասցնէ Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն, համագործակցելով Հայաստանի Կարմիր Խաչին հետ։ «Զօրակցիր մեր հերոսներուն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ մը նախաճաշին ընթացքին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն մասին։
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, իսկ անչափահասներուն համար՝ 15 տոլար։
Տեղեր ապահովելու համար կը խնդրուի դիմել (626) 485-5107 (626) 808-7454 թիւերուն։