Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 24 Հոկտեմբերին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեցին անհրաժեշտութիւնը 2020-2022 թուականներուն բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող ջանքերու յաւելման անհրաժեշտութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ նախարարները նաեւ քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող այժմէական հարցեր:
Անոնք բարձր գնահատեցին 23 Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակով հանդիպման արդիւնքները եւ համաձայնեցան շարունակել հետագայ աշխոյժ աշխատանքը` այդ ձեւաչափը խթանելու համար: