3 Նոյեմբերին, մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող դրական նորութիւն ակնկալելի է, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է կատարէ Ատրպէյճանի նկատմամբ իր պարտականութիւնները։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Ասթանայի մէջ, «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» գագաթնաժողովին ընթացքին Էրտողան շեշտեց նաեւ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող երթեւեկի հաղորդակցութեան գիծի իրականացման կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ այդ ուղիի բացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն բարեկեցութեան եւ Թուրքիան պիտի կապէ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ։
«Ատրպէյճան Հայրենական պատերազմին իբրեւ արդիւնք ամբողջութեամբ վերջ դրաւ Ղարաբաղի 30ամեայ բռնագրաւումին: Մենք շատ հպարտ ենք այս պատմական յաջողութեամբ», ըսաւ Էրտողան` շեշտելով. «Այսպիսով տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան վերաբերող յաւելեալ քայլ մը առնուեցաւ»:
Միւս կողմէ, պաշտօնական Երեւան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, առնուազն նախկին պայմանաւորուածութիւններու բաժինով, լաւ նորութիւն պիտի ունենայ:
Ազգային ժողովին մէջ, 2024ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
«Ուզում եմ լաւատեսութիւն յայտնել, ասելով, որ առնուազն մեր այն պայմանաւորուածութիւնը, որը վերաբերում էր Հայաստան-Թուրքիա միջպետական ցամաքային սահմանը բացելուն առայժմ յատուկ խմբի մարդկանց համար, այն է` Հայաստանի եւ Թուրքիայի այն քաղաքացիների համար, ովքեր դիւանագիտական անձնագիր ունեն եւ նաեւ 3րդ երկրների բոլոր քաղաքացիների համար, այս խմբի մարդկանց համար նախ բացել սահմանը եւ յետոյ արդէն շարունակել քննարկումը: Ուզում եմ լաւատեսութիւն յայտնել, որ մօտ ապագայում մենք այստեղ գուցէ լաւ նորութիւններ ունենանք», ըսաւ Միրզոյեան։
Ան շեշտեց, որ Հայաստան շահագրգիռ է չորս դրացիներուն հետ առնուազն կարգաւորուած յարաբերութիւններ ունենալ:
Պիւտճէի քննարկման ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս խօսեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին` դարձեալ յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ յառաջիկային պիտի ունենան յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներու, բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործում:
Փաշինեան մանրամասնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը այս փուլին պիտի բացուի 3րդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձագիր ունեցողներուն համար:
Փաշինեան յայտնեց, որ, բացի քաղաքական պայմանաւորուածութենէն, նաեւ ենթակառուցուածքային էական աշխատանք կը տարուի, մասնաւորաբար՝ վերազինման եւ վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին Մարգարայի անցակէտին մէջ: