Հայ-Ամերիկեան թանգարանը Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Ուոլթ Տիզնիի անուան հռչակաւոր համերգասրահին մէջ, Լոս Անճելըսի «Ֆիլհարմոնիք»ին հետ համագործակցութեամբ՝ հիւրընկալեց աշխարհահռչակ հայ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի նուիրուած համերգ մը։
Թանգարանի կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարկրիթ Մկրուպլեան մեծ յաջողութիւն համարեց նման հեղինակաւոր բեմի մը վրայ իրականացած ձեռնարկը՝ աւելցնելով, որ նշեալ համերգասրահը եւ կառուցուող թանգարանը կենսական դերակատարութիւն ունին մշակոյթի պահպանման ջանքերուն մէջ։
Խմբավար Կուսթավօ Տուտամէլի առաջնորդութեամբ ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէէն եւ այլ ստեղծագործութիւններէ կտորներ։
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան այս առիթով յիշեցուց, որ թանգարանի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին կառոյցին հիմնասիւները արդէն իսկ պիտի սկսին բարձրանալ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանին նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն եւ համայնքին։
