Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց, որ Խաղաղութեան համաձայնագիրին անկիւնաքարը պէտք է ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագիծի ամրագրումը` ԽՍՀՄ 75 թուականի քարտէսներով։ Հակառակ անոր որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ, թէ Խաղաղութեան համաձայնագիրի երեք սկզբունքները համաձայնեցուած են, իսկ իշխանութեան շարքերուն մէջ նաեւ մինչեւ տարեվերջ այս համաձայնագիրը իրականութիւն նկատող լաւատեսներ կան, փոխնախարարը թուեց կարգ մը հարցեր, որոնց շուրջ Երեւան եւ Պաքու չեն համաձայնիր։
«Մեզ համար շարունակում է շատ սկզբունքային մնալ սահմանագծի յստակեցման հարցը, կարեւոր հարցերից է մնում նաեւ ապաշրջափակման գործընթացի չորս սկզբունքների արձանագրումը, որոնք նաեւ արձանագրուած են Գրանադայի յայտարարութեան մէջ, կարեւոր է լինելու նաեւ վէճերի կարգաւորման յստակ մեխանիզմի ստեղծումը: Սրանք այն հարցերն են, որոնց շուրջ դեռեւս պիտի երկու կողմերը մօտեցնեն իրենց դիրքորոշումները», ըսաւ ան:
Փոխնախարարը չպատասխանեց այն հարցումին, որ արդեօք Խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու Պաքուի պայմանը ութ գիւղերու վերադա՞րձն է, այլ միայն ըսաւ, որ ատիկա սահմանազատումի վերաբերող հարց է։ Ես նշեցի, որ նման խնդիրները պէտք է քննարկուեն դելիմիտացիայի յանձնաժողովում: Այս պահին դեռեւս նոր նիստի անցկացման ժամկէտներ չկան» ըսաւ Կոստանեան։
Այս պահուն, ըստ Կոստանեանի, նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու նոր հանդիպման յստակ պայմանաւորուածութիւն չկայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բանակցութիւնները փապուղի՞ մտած են՝ ան ըսաւ. «Միջնորդներն աշխատանք են իրականացնում նաեւ նոր հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ: Գիտէք, որ երէկ Երեւանում էր նաեւ ամերիկացի համանախագահ Լուիս Բոնոն, մենք մշտական կոնտակտի (կապի) մէջ ենք գտնւում նաեւ միւս միջնորդների հետ: Այնպէս որ, սպասում ենք, որպէսզի տեղի կ՛ունենայ նոր հանդիպում, մակարդակի, վայրի եւ միջնորդի մասին այս պահին դեռեւս կը դժուարանամ ասել»:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլա Փաթրուշեւի յայտարարութիւնը, թէ՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորումը կարելի է միայն, եթէ ոչ տարածաշրջանային երկիրներ միջամուխ չըլլան՝ Կոստանեան ըսաւ, որ բոլոր գործընկերները կրնան աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին։
Ան չբացառեց, որ Փաշինեան նաեւ չմասնակցի 23 Նոյեմբերին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿի վեհաժողովին: Բայց ան յստակացուց, որ այս պահուն ռազմական դաշինքէն դուրս գալու գործընթաց չկայ: Հայաստան-Ռուսիա կոշտ մեղադրանքներու լոյսին տակ, Երեւան այս տարի չմասնակցեցաւ Մոսկուայի առաջնորդած կառոյցներուն մէջ տեղի ունեցած շարք մը հանդիպում-քննարկումներուն` թէ՛ ՀԱՊԿի, թէ՛ ԱՊՀի ձեւաչափով:
Կոստանեան Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը նաեւ միջազգային հանրութեան անգործութեան հետեւանք համարեց։