Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկէ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ ձեւաչափով հանդիպում մը իրականացնելու հարցը։
Հոկտեմբերի աւարտին, Քլաար տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ՝ ժամանակի սղութեան պատճառով:
Գրիգորեան վերահաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպման մը:
«Դա նախկինում էլ ենք ասել, հիմա էլ ենք ասում` Հայաստանը պատրաստ է: Երբ հնարաւոր լինի, այսինքն` երեք կողմը պէտք է համաձայն լինեն: Առնուազն Հայաստանը միանշանակ համաձայն է: Երբ որ համաձայնութիւն լինի, այդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ», շեշտեց Գրիգորեան։
Մինչ այդ «Ազատութիւն»ը եւս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտնած է, թէ Պրիւքսէլ այժմ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ առանձին-առանձին բանակցութիւններ կը վարէ` Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի ու Շարլ Միշէլի միջեւ եռակողմ հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
Նշուեցաւ, որ առայժմ յստակ արդիւնքներ չկան, բայց հաւանական է, որ բանակցութիւնները տեղի ունենան յաջորդ ամիս։