Հիւրաբար շրջանս կը գտնուի Բերիոյ թեմի (Հալէպ, Սուրիա) ազգայիններէն՝ Գաւառական ժողովի ատենապետ տոքթ. Յարութիւն Գաբրիէլեան։
Առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, Երեքշաբթի, Յունիս 19ին, տոքթ. Գաբրիէլեան այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան ժողովին, տեղեկութիւններ փոխանցեց Հալէպի եւ սուրիահայ թեմական, ազգային եւ կրթական ու մշակութային կեանքին մասին։