Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքը 19 Յունուար 2007ին սպաննած թուրք ազգայնամոլ Օկիւն Սամասթ պայմանականօրէն ազատ արձակուած է, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը: Մարդասպանը 16 տարիներէ ի վեր բանտարկուած էր։
Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ որոշման մէջ նկատի առնուած է Սամասթի «լաւ վարքը» եւ թէ ան նախ պիտի անցնի փորձառական շրջանէ մը:
Սամասթ Տինքի սպանութեան եւ ապօրինի զէնք կրելուն ու օգտագործելուն համար դատապարտուած էր մօտաւորապէս 23 տարուան բանտարկութեան: