Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը («Caucasus Heritage Watch») կը տեղեկացնէ, թէ ատրպէյճանցիները Շուշիի մէջ գերեզմանատուն մը եւս պղծած են՝ աղբ լեցնելով այդ հատուածին մէջ:
«Կ՛ենթադրուի, որ ատրպէյճանցիները աղբ լեցուցած են Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց վանքի հին գերեզմանատան վրայ, որ կը գտնուի Մայր տաճարի հարաւ-արեւելքը։ Հոն վնասուած են արդէն իսկ մասնատուած տապանաքարերը։ Գերեզմանատան վայրը հաստատուած է քարտէսներով եւ վերջին լուսանկարներով», կը նշուի կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
