Գրականութեան, արուեստի եւ իմացական աշխարհի մէջ, երբ չկայ զանազանութիւն, կ’իշխէ ճապաղութիւնը, անհամ եւ ինքզինք կրկնող, երբ փորձ կ’ըլլայ կասեցնելու զանազանութիւնը, կը կասի նաեւ ստեղծագործական հրաշքը: Ինչպէս յաճախ ըսած եմ, կեանքի մէջ նորութիւնները գայթակղութեան կը նմանին, որպէս այդ կ’ընդունուին, բացասական հակազդեցութիւններ կը յառաջացնեն:
Կրկին նման կացութեան մը առջեւ գտնուեցայ: Մարդիկ դիրքորոշուած էին երբեմն նոյնիսկ առանց տեսած կամ կարդացած ըլլալու գայթակղութեան պատճառը, որ այս պարագային պարզապէս կը նշանակէ ըսի-ըսաւ, Հրազդանի ափին կ’ըսեն՝ ասէ-կօսէ, որ ոչ-սեփական կարծիքի մը սփռումն է: Մարդիկ իրաւունք ունին չխանդավառուելու, չհաւնելու եւ քննադատելու, պայմանաւ, որ առարկան ճանչնան անձնապէս, առանց կրկնուած գաղափարներ փոխ առնելու: Բայց ոչ ոք ինքն իրեն իրաւունք պէտք է շնորհէ այլոց խանդավառութիւնը ընդհանրապէս անընդունելի կամ սխալ համարելու, եթէ անոնք չեն առաջնորդուիր հաճոյակատարութեամբ: Դեռ ասոնք լաւ են, քանի որ հեռուէն կամ մօտէն կը հետաքրքրուին, իսկ ստուար մեծամասնութիւն մը կայ, որ անտարբեր է գիրի, գրականութեան եւ արուեստի նկատմամբ, բայց ետ չմնալու համար ուրիշներէ, քայլ կը պահէ, թէ ինչպէ՞ս, այդ այլ հարց է արդէն:
Այս օրերուն կը կարդայի հեղինակի մը, Ժորժ Փիքարի գիրքը, յատկանշական անունով. Ամէն մարդ պէտք է գրէ: Գրականութեան մասին մտորումներու բեմ մըն է այս գիրքը, եւ անոր վաթսունիններորդ էջին վրայ կանգ առի պահ մը: Քանի մը տող կ’ուզեմ ընթերցողներու հետ բաժնել, եթէ կ’ուզէք՝ կիսել, քանի որ արտայայտուած միտքերը հետաքրքրական են մեր դատումներուն տալու համար որակ, որպէսզի քննադատութիւնները յառաջդիմութեան ծառայեն, չըլլան քառակուսի անիւ, բովանդակութիւն ունենան: Հարցը ընդհանրական բնոյթ ունի, եւ այդ պատճառով ալ զանց կ’ընեմ անմիջական պատճառի յիշատակումը:
Ժորժ Փիքար կը գրէ. «Ես իմ նախասիրութիւններս կանոնի չեմ վերածեր: Զանազանութիւնը առաջին սկզբունքն է, որ, ըստ ինծի, պէտք է վարէ արուեստները եւ գրականութիւնը, ինչ որ կ’ենթադրէ գրեթէ չափազանց հանդուրժողութիւն, հազուադէպօրէն հասկցուած անոնցմէ, որոնք իրենց դիրքորոշումը կը դարձնեն ամբողջական վարդապետութիւն: Գիտեմ ինչ կը սիրեմ կարդալ եւ ինչ որ զիս կը ձանձրացնէ կամ ինծի նողկանք կը պատճառէ, բայց պիտի սարսափէի եթէ բոլոր հեղինակները սկսէին գրել ըստ իմ նախասիրութիւններուս (ընդգծ. Յ.Պ.): Գրականութիւնը, որ զիս կը խանդավառէ, շատ բան պիտի կորսնցնէր իր հմայքէն: Ձեւով մը, ես առաւելաբար կը խթանուիմ ինքզինքս համեմատաբար լուսանցքային համարելով, հրատարակչական եւ քննադատական աշխարհի մը մէջ, որ կը հակի գլխաւորաբար դէպի այն գործերը, որոնք զիս չեն խանդավառեր: Տարբեր զգալը մտաւորական հաճոյք կ’առթէ եւ ան լայնօրէն կը փոխարինէ առանձնացումը: Յամենայնդէպս, կը զգուշանամ այս շփոթ զգացումը մշակելէ, ուր հպարտութիւնը եւ քէնը դարանակալ կը սպասեն»:
Այս քիչ մը երկար մէջբերումը կը պարունակէ ուսանելի կէտեր, որոնց շուրջ խորհրդածելով, մեր մտածումները կը զտենք, կը բիւրեղացնենք, մակերեսային մօտեցումէն կ’անցնինք գնահատման եւ հանդուրժողութեան ըմբռնումի մակարդակ: Եթէ մէկ ստեղծագործութիւն միւսին պիտի նմանի, լուսապատճէնի սարքը պիտի բաւէ: Այսինքն, եթէ ստեղծագործութեան մէջ պիտի տիրապետեն կանոնի կարգ անցած արժէքներ, ընդունելիի ստեղծագործութեան դպրոց պէտք է հաստատել, այսինքն սահմանափակել ինքնատպութիւնը, փնտռտուքը, թռիչքը: Երբեմն պէտք է յիշել, թէ ինչպէս դարեր շարունակ տիրեց սքոլասթիքան, որ նոյնիսկ փորձառական գիտութեան ճամբան խափանեց, օրինակ, մերժեց երկրի կլորութեան հաստատումը եւ գիտնականը խարոյկի վրայ մեռնելու դատապարտեց: Այդպէս էր խորհրդային կարգերու տակ, երբ վարդապետութենէ շեղումը դատապարտութեան կ’արժանանար, մահ կամ աքսոր: Գրականութիւն եւ արուեստ մաս կը կազմեն ենթակայական ոլորտի, հետեւաբար կարելի չէ երեւակայել, որ գնահատումները միատեսակ ըլլան, ուստի անհրաժեշտ է հանդուրժողութիւնը, ձգելով որ ժամանակը զտէ եւ վճռէ:
Երեւակայեցէք պահ մը, որ բոլոր բանաստեղծները գրէին Սիամանթոյի կամ Մեծարենցի պէս, բոլոր նկարիչները մեզի հրամցնէին Փիքասոյի հետեւողութեամբ կտաւներ, ի՞նչ վիճակի մատնուած կ’ըլլային գրականութիւնը եւ արուեստները: Ինչպէս Ժորժ Փիքար կ’ըսէ, տարբեր ըլլալու զգացումը խթանող նկարագիր ունի, մանաւանդ երբ ենթական չ’ուզեր հետեւիլ ընդունուած չափանիշներու, զանգուածային լրատուամիջոցներու հասարակ յայտարար ունեցող գնահատումներուն: Ինչ որ զանգուածային լրատուութիւնը կ’ընէ, օգտակար է հետաքրքրութեան ստեղծման համար, բայց այդ պատճառ չէ, որ ստեղծագործական աշխարհը բանտարկուի կաղապարի մէջ, ան ըլլայ բարոյախօսական, ազգային, վարդապետական եւ այլ:
Այս վերաբերումը ինծի կը յիշեցնէ Վոլթէրի յանձնառու իմաստութիւնը խօսքի ազատութեան մասին: Ան կ’ըսէր, թէ կրնայ որոշ կարծիքներու համաձայն չըլլալ, դէմ ըլլալ, բայց իր կեանքը պատրաստ է տալու անոնց ազատ արտայայտութիւնը պաշտպանելու համար: Այս արդարակորով վերաբերումը կարելի է փոխադրել գրականութեան եւ արուեստի աշխարհին մէջ, որպէսզի հանդուրժուին ստեղծագործութիւնը, ինքնատպութիւնը, նոյնիսկ՝ արտառոցութիւնը, այսինքն՝ տարբերութիւնները:
Հանդուրժողութիւնը կը բանայ դարպասները ստեղծագործութեան եւ յառաջդիմութեան: Եթէ անհանդուրժողութիւնը կանոն ըլլար, համամարդկային մշակոյթը չէր ունենար Վիքթոր Հիւկօ, մենք չէինք ունենար Դանիէլ Վարուժան եւ Շահան Շահնուր: