Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին անգամ մը եւս հայկական կողմը մեղադրեց խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթը «արհեստականօրէն ձգձգելու» մէջ:
Ըստ անոր՝ ինք լաւատեսօրէն տրամադրուած էր ժամկէտներու հարցին նկատմամբ, որովհետեւ Ատրպէյճան եւ Հայաստան քանի մը անգամ փոխանակուած են խաղաղութեան համաձայնագիրի նախնական նախագիծին վերաբերեալ առաջարկներ, որմէ ետք երկիրներուն միջեւ 6 անգամ նկատառումներու փոխանակում տեղի ունեցած է:
«Անոնց վերջինները մենք ուղարկած ենք 11 Սեպտեմբերին, իսկ մեկնաբանութիւններու պատասխանը ստացած ենք միայն երկու օր առաջ: Այսինքն` շուրջ երկուքուկէս ամիս անոնք գնահատած են համաձայնագիրի քանի մը էջէ կազմուած նախագիծը: Այս կը նշանակէ, որ անոնք կ՛ուզեն արհեստականօրէն ձգձգել հոլովոյթը», ըսաւ Ալիեւ՝ դիտել տալով, որ տարեվերջին յոյսերը կը նուազին, սակայն, ժամկէտները կարեւոր չեն, երկու երկիրներու օրակարգը կարեւոր է։
Ալիեւ պնդեց, որ ինքնին Ատրպէյճան հանդէս եկաւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու եւ սահմանազատման աշխատանք սկսելու առաջարկով, եւ այժմ հայկական կողմը համաձայնութեան գալու աւելի մեծ պատրաստակամութիւն պէտք է ունենայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան վերականգնումէն ետք չկայ գլխաւոր գործօնը, որ կը խանգարէր Հայաստանը աւելի համարձակ ըլլալու բանակցային հոլովոյթին մէջ։
Ալիեւ դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի գնահատէ Հայաստանի վերջին առաջարկները եւ պիտի մեկնաբանէ զանոնք: «Կը կարծեմ, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը չստորագրուի, ամբողջ շրջանին համար շատ վատ պիտի ըլլայ: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստան թէ՛ այսօր, թէ՛ ապագային երբեք կասկածի տակ չդնէ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ բոլորովին հրաժարի Ատրպէյճանի հանդէպ որեւէ տարածքային նկրտումէ», խորհուրդ տուաւ Ալիեւ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՛նք են վերջնական խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտ պայմանները՝ Ալիեւը ըսաւ, թէ համաձայնագիրի հիմքը պէտք է ըլլան հինգ սկզբունքներ՝ իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, ուժի բացառումը, իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութիւնը, երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու բացումը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Խօսելով Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն մասին` Ալիեւ ըսաւ. «Իրենց տուներէն հեռանալը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն անձնական որոշումն էր: Անոնց հետ մեր հրապարակային հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, ինչը մենք յետոյ ըրինք, ցոյց տուած են, որ մենք կ՛ուզէինք, որ անոնք մնան: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին վերադառնալ, ունին այդ իրաւունքը: Անոնց սեփականութիւնը պաշտպանուած է: Բոլոր պատմական եւ կրօնական վայրերը պատշաճ պաշտպանութեան տակ են: Վերադառնալու համար անոնք պէտք է որոշ կանոններու հետեւին: Ես այդ մասին ըսած եմ հակաահաբեկչական գործողութեան մեկնարկէն շատ ամիսներ առաջ: Անոնք, որոնք կը փափաքին մնալ, պէտք է ատրպէյճանական քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնեն, կա՛մ ունենան աշխատանքի իրաւունք, կա՛մ կեցութեան իրաւունք», յայտնեց Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ ինչպէս ժամանակին Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիները՝ այսօր պէտք է քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի իրաւունք ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրելու համար, այնպէս ալ Ղարաբաղ վերադառնալ ցանկացող հայերը:
«Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցի գաղթականը ցանկութեան պարագային ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ: Ան չի կրնայ հոն երթալ եւ ըսել` ահա ես` Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան բնակիչս: Ո՛չ, ան պիտի վերադառնայ քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի արտօնութիւն ստանալու համար: Ինչո՞ւ պէտք է հոս ուրիշ ձեւով ըլլայ», ըսաւ Ալիեւ: