8 Դեկտեմբերին, Պելճիքայի Կերարտպերկեն քաղաքին մէջ նոր հիմնադրուած հայ եկեղեցական համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Կերարծպերկեն քաղաքին մէջ արդէն երկու ամիսէ ի վեր հիմնադրուած է հայ եկեղեցական համայնքը, որուն եւ կից քաղաքներուն մէջ բնակող հայերուն համար արդէն կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոցը:
Կիրակնօրեայ դպրոցի բացման արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ մը, որուն նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, Անտվերպենի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տիրայր վրդ. Յակոբեանի ընկերակցութեամբ:
Արարողութեան ներկայ էին քաղաքի կաթոլիկ համայնքի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Էմանուէլ Վիթս, Ծխական խորհուրդի անդամներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Մաղաքիա աբեղայ Պեսքիսիզեան՝ ըսելով. «Տեղին է ըսել, որ Պելճիքայի հայ համայնքը պատմական ուրախ եւ անմոռանալի օր կ՛ապրի, որովհետեւ մեր Կերարծպերկենի եկեղեցական համայնքը հիմնուելէ երկու ամիս ետք, մեր զաւակներու հայապահպանման եւ հայակերտման համար կ՛ունենանք «Կոմիտաս» կիրակնօրեայ հայ դպրոցը: Անմերժելի իրականութիւն է, որ դարեր շարունակ եւ, մասնաւորապէս, այսօր աշխարհի մէջ կը տիրէ գոյապայաքար ազգերու շարունակականութեան համար: Հայ ազգը իր անցեալի փորձառութեամբ, իմաստուն անհատներով, ուժեղ ոգիով, եկեղեցականներով, կամքով եւ հաւատքով կրցած է հասնիլ մինչեւ այսօր: Իսկ այս պայքարին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ հայ դպրոցը, որ հայապահպանման եւ հայակերտման ամուր դարբնոց է: Վստա՛հ եղէք, որ եթէ հայ ազգը իր պատմութիւնը, մշակոյթը, կրօնը, արժէքները, գիտելիքները եւ այս ոգին չփոխանցէ ապագայ սերունդներուն՝ մենք պարտուած ենք: Կը շնորհաւորեմ Կերարծպերկենի եւ շրջակայ քաղաքներէն ժամանած հայ ծնողները, որ այսօր սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կիրակնօրեայ դպրոցի հիմքը դրուեցաւ»:
Այնուհետեւ կատարումներով հանդէս եկան կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները: Հնչեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ երգեր:

Արարողութեան աւարտին Խաժակ արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Ձեր շնորհիւ՝ սիրելի երեխաներ, երիտասարդներ, ծնողներ, հոգեւորականներ, մենք նոր ճանապարհ մը սկսած ենք: Այս ճանապարհը յաղթանակի ճանապարհ է թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ ազգային առումով: Մեր պատմութեան ընթացքին աւանդութիւնը եղած է այն, որ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, եկեղեցին եւ դպրոցը մէկ վայրի մէջ գտնուած են, եւ հայ մանուկը ստացած է հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային դաստիարակութիւն: Այնքան ժամանակ, երբ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին մէջ լսելի են մեր երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ձայները՝ մենք կանք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ: Այսօր, այն, ինչը կը կատարուի այստեղ, ինծի համար հրաշք է, եւ ես իմ գնահատանքս կը յայտնեմ ձեզի` բոլորիդ։ Հայր Մաղաքիայի գլխաւորութեամբ՝ ձեր բոլորին աշխատանքներուն շնորհիւ, դուք ճիշդ ճանապարհի վրայ էք։ Եւ մանաւանդ այս վերջին ժամանակաշրջանին, երբ մեր ազգը դժուար օրեր կ՛ապրի, ուրախ ենք, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այսպիսի լուսաւոր պահեր եւս կան»:
Սրբազան հայրը կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն բերուած խաչեր, որպէսզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ բոլոր հայրերու օրհնութիւնը միշտ մանուկներուն հետ ըլլայ:
Արարողութեան աւարտէն ետք Խաժակ Սրբազանի գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի նորաբաց կիրակնօրեայ դպրոցի մասնաշէնքը:
Օրուան աւարտին, Ծխական խորհուդի անդամները եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու ծնողները կազմակերպած էին հիւրասիրութիւն մը: