Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀին մասնակցող պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին, որուն զուգահեռ ան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Հայաստանի կառավարութենէն տեղեկացուցին, որ մասնակցողներու լուսանկարուելէն ետք զանոնք ողջունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ԱՊՀի տարածքին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Յատկանշական էր, որ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը նոյն յարկին տակ նախաձեռնութեան մը կը մասնակցին։
Տարածուած լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս երկու երկիրներուն ղեկավարները վեհաժողովէն առաջ իրարու ձեռք կը սեղմեն, եւ թէեւ անոնց բանակցութիւններուն մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չհաղորդուեցաւ ամբողջ օրուան ընթացքին, սակայն երեկոյեան հրապարակուեցաւ լուր մը այն մասին, որ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։
Վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը Ս. Փեթերսպուկի մէջ քննարկեցին խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։
«ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովի ընթացքում տեղի են ունեցել ոչ-պաշտօնական շփումներ Հայաստանի վարչապետի եւ Ադրբեջանի նախագահի միջեւ: Քննարկուել են Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Քննարկումները եղել են երկկողմ ձեւաչափով», ըսաւ ան։
Աւելի կանուխ Քրեմլինի բանբերը այս հարցին անդրադառնալով՝ ըսաւ, որ ոչ-պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ, բոլորը կրնան իրարու հետ կապ հաստատել, սակայն երկկողմ հանդիպումի ծրագիրներ չկան:
26 Դեկտեմբերին ռուսական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի՝ վեհաժողովին նախորդած յայտարարութիւնը՝ դիտել տուին, որ ան յայտնեց, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կ՛արձանագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնականացման պատրաստակամութիւնը: Ան այս հաստատումը կատարեց՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վտանգաւոր չէ՞ հակամարտող կողմերուն նոյն վայրին մէջ գտնուիլը: «Այստեղ ոչ մէկ վտանգ կայ», շեշտեց Փեսքով։
Ասոր զուգահեռ, նոյն օրը, Հայաստանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան դիտել տուաւ, որ խաղաղութիւնը երբեք այսքան մօտիկ չէ եղած։ Ան նշեց, որ այդ վստահութիւնը նաեւ պայմանաւորուած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններով:
Ան յայտնեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը 2024ին կեանքի պիտի կոչուի: Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ ի՞նչի վրայ հիմնուած է այս վստահութիւնը՝ Սիմոնեան ըսաւ. «Դա պայմանագրի քննարկման հիման վրայ է, որովհետեւ շատ ակտիւ (աշխոյժ) փոխանակւում ենք ու կառուցողական քննարկում է գնում: Նաեւ պայմանաւորուած է Ադրբեջանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններով առ այն, որ իրենք ճանաչում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը: Ինչ վերաբերում է չստացուող հանդիպումներին, այո՛, դա խնդիր է, բայց հանդիպումները եւ քննարկումները շարունակւում են ու շարունակուելու են»:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնոդները վերջին անգամ Յուլիսին հանդիպում ունեցան՝ եւրոպական միջնորդութեամբ: Անկէ ետք նախատեսուած քանի մը հանդիպումներ տեղի չունեցան։