«30 տարի ետք Ղարաբաղի ազատագրութեան համար մեր կատարածը կը նկատուի Անգարայի անկախ քաղաքականութեան դրսեւորումը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութեան ստեղծման 97րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման ընթացքին:
Ըստ Թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութեան` Էրտողան շեշտեց, որ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ Անգարա կ՛առաջնորդուի իր «սեփական շահերով»: