«Հայրենիք»ի 23 Մարտի թիւին մէջ հրապարակուած «Կտոր մը Սասուն… Փարիզի մէջ» խորագիրը կրող յօդուածով հաղորդուած էր հետեւեալը. «Անոնք «Հայրենիք»ին փոխանցեցին, թէ ներկայիս վերանորոգման ընթացքի մէջ գտնուող շէնքին մէջ Սեպտեմբերին պիտի սկսի գործել «Հրանդ Տինք» դպրոցը: Մանկապարտէզի երկու դասարաններով ճամբայ ելլող այս դպրոցը ամէն տարի մէկ կարգ պիտի բարձրանայ ու դառնայ նոր սերունդի հայեցի կրթութեան օճախ»:
«Հայրենիք»ի աղբիւրները կը փոխանցեն, որ Փարիզի արուարձան Առնուվիլ քաղաքին մէջ բացուելիք «Հրանդ Տինք» անունը կրող վերոնշեալ դպրոցի շէնքին վերանորոգման աշխատանքները մօտեցած են իրենց աւարտին եւ Շաբաթ, 30 Յունիսին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի կրթական այս օճախին: Նոյն աղբիւրները կը յայտնեն, որ բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ թրքական ազգայնամոլութեան զոհ գացած Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը: