
Լա Քրեսենթա հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեաններ» երիտասարդական կեդրոնի Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Արցախի մէջ կատարուող մշակութային ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 25 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, նշեալ կեդրոնին մէջ (2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020)։
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ դոկտ. Մարքօ Պրամպիլա, որ մասնագէտ է ճարտարապետութեան պատմութեան, մասնաւորաբար՝ հայկական եւ իսլամական ճարտարապետութիւններու: