«Ըստ շարունակուող պատերազմի վերջին գնահատականներուն՝ «Համաս»ի հետ պատերազմը կրնայ մինչեւ 2025 տեւել», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ «բարեկարգման ենթակայ Պաղեստինեան իշխանութիւն մը պէտք է յառաջանայ»։
«Կան արաբական եւ իսլամական պետութիւններ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ զայն ճանչնալու», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Իրանեան հիւլէական համաձայնագիրին վերջ տալը մեծ սխալ մըն էր, եւ մենք այժմ այդ հարցով կացութեան մը մէջ ենք, ուր չէինք ուզեր ըլլալ»:
Պլինքըն նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ ընդունեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Պայտընի վարչակազմին՝ Կազայի մէջ պատերազմի կառավարման նկատմամբ գանգատներ գոյութիւն ունին: «Պատերազմին՝ Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերը տարածուելու մեծ եւ իրատեսական վտանգներ կան», ըսաւ Պլինքըն:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ըսաւ, որ Իրան կ՛ուզէ, որ Միացեալ Նահանգները «դադրեցնէ Կազայի մէջ պատերազմը» եւ ընդգծեց, որ Կարմիր ծովու ապահովութիւնը Իրանի համար կարեւոր է: