
Արդէն մէկ տարի է, որ «Ասպարէզ»ի էջերից բացակայում են մեր ծաղրանկարչի գործերը՝ Մասիս Արարատեան ստորագրութեամբ։ Եթէ նկատի ունենանք Մասիսի ապրած 94 տարիները, նա բախտաւոր կը համարուի իր երկարակեցութեամբ։ Իսկ եթէ նայենք նրա թողած մշակութային ժառանգութեանը, ապա բախտաւոր պիտի համարուենք նաեւ մենք, քանի որ արուեստագէտը հայ ժողովրդին կտակել է իր ապրած ժամանակի պատմութեան արտացոլումը իր սեփական ծաղրանկարների անհաշիւ գծանկարների միջոցով։
Իր իսկ արտայայտած անտիպ մտորումներով՝ կ՛ուզենք կենդանացնել Մասիսի յիշատակը եւ ժպիտով յիշել նրա ներկայութիւնը «Ասպարէզ»ի յարկի ներքոյ։
Կ. Տ. Գ.
***
«Գծեցի Հոլիվուտի քարտէսը՝ նշուած այն խանութներու անուններով, ուր հատավաճառով կարելի է գտնել «Ասպարէզ» օրաթերթը։ Ինչո՞ւ չդրի անունս տակը որպէս հեղինակ. նախ յաւակնութիւնը չունէի այս մարզը շարունակելու, իմ գործէս դուրս էր, ապա անունիս վրայ բան մը պիտի չաւելնար այս քարտէսով»։
***
«Գործ մը գործադրելը աւելի խօսուն է, քան նոյն գործի մասին ժամ մը խօսիլը»։
***
«Ընելիքիդ մասին մի՛ խօսիր սկիզբէն»։
***
«Աստուած իմ, ի՜նչ գրադարան ունէր աշխատածս «Հերըլտ Էկզեմինըր» թերթը՝ կանոնաւոր ցուցակագրուած, շարուած: Երբ արդէն քոմփիւթըրը ելաւ, սկսան նկարները տիճիթըլ ընել եւ իրական նկարները պիտի թափէին: Ես գաղտնի ընտրեցի մէջէն 1910-15ի պատկանող բոլոր թրքական նկարները: Ինչ ընեմ՝ կամ պէտք է ուզէի պաշտօնապէս, կամ պէտք է գողնայի. որոշեցի գողնալ: Կանչեցի քովս Վահագն Տատրեանը, որ տունս եկաւ Ճորճ Աբելեանին հետ։ Տուի իրեն, խենթացաւ, թէ աս ի՜նչ նկարներ են, եւ ըսի՝ մէկ պայմանով, որ ոչ մէկ օգտագործման ժամանակ պիտի չնշուի անունս: Տարիներ ետք երբ հոս եկաւ, ըսի՝ կը յիշես ինծի, ըսաւ՝ ոչ։ Ըսի այն նկարները տուողն եմ, յիշեց նկարներով, որոնք այժմ կը գտնուին իր արխիւին մէջ»:
***
«Ես իմ տեղս շատ լաւ գիտեմ ընկերութեան մէջ։ Կը զգամ նոյնիսկ իմ բացակայութիւնս, ներկայ չըլլալս։ Ասի շատ զօրաւոր միտք է։ Բացակայութիւնը զգալ՝ ինքնագիտակցութեան հարց է։ Դաշտահանդէսի մը մէջ իմ ներկայութիւնս զեռօ է, սակայն նկարչական ցուցահանդէսի մը մէջ կը զգամ ներկայութիւնս»։