ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Գերման բոլոր եկեղեցիները՝ կաթոլիկ եւ բողոքական, ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 25 Յունիս 2007ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Միջին Արեւելք կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս:
Սոյն այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն ու յատկապէս քրիստոնէական ներկայութեան Միջին Արեւելքէն ներս:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, խօսակցութեան նիւթ դարձան միջ-կրօնական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ զարգացումները: Վեհափառ հայրապետը այս գծով համապարփակ ծանօթութիւն տուաւ Քրիստոնեայ-իսլամ տիալոկի ցարդ ունեցած զարգացումներուն մասին, եւ շեշտեց Եւրոպական եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւնը ամրացնելու կարելիութիւնը:
Յայտնենք, որ Լիբանանի մէջ անոնք հանդիպումներ ունեցան մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Սֆէյր պատրիարքին եւ վեհափառ հայրապետին հետ: Անոնք Լիբանանէն ետք պիտի այցելեն նաեւ Եգիպտոս, Սուրիա եւ Երուսաղէմ: