ՀԱՊԿի հարցերու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ դեսպան Վիքթոր Վասիլեւ «Նովոստի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿէն դուրս ելլելու հարց չկայ օրակարգի վրայ:
ՀԱՊԿը այսօր կեդրոնացած է Նոյեմբեր 2023ին տեղի ունեցած ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու իրականացման վրայ, ըսաւ Վասիլեւ՝ շեշտելով, որ այդ աշխատանքներուն կը մասնակցին դաշինքի բոլոր երկիրները:
«Նստաշրջանին որդեգրուած փաստաթուղթերը, ի դէպ հայկական կողմը այդ նստաշրջանին չմասնակցեցաւ, այժմ կը քննուին Երեւանի մէջ: Այդ փաստաթուղթերէն մի քանին ստացած են հայկական կողմին համաձայնութիւնը, անոնցմէ կարելի է եզրակացնել, որ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալու հարց դրուած չէ», յայտնեց Վասիլեւ: