Վրաստանի հետախուզութիւնը կանխարգիլեց Օտեսայէն Վորոնեժ պայթուցիկ բեռներու տեղափոխման փորձ մը: Յանցագործութեան մէջ կը մեղադրուին Վրաստանի 7, Ուքրանիոյ 3 եւ Հայաստանի 2 քաղաքացիներ: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի պետական ապահովութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ ծառայութեան՝ Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքով Ուքրանիոյ քաղաքացիի մը փոքր փոխադրակառքով` ելեկտրական ինքնաշարժներու մարտկոցներուն մէջ վեց պայթուցիկ սարքեր մտցուած են Վրաստան. կը նախատեսուէր պայթուցիկները Վորոնեժ հասցնել վրացական Տարիալ անցակէտով: Պայթուցիկները գրաւուած են այդ անցակէտին վրայ: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Փոխադրութեան կազմակերպիչը ծագումով Պաթում քաղաքէն Անտրէյ Շարաշիծէն է. ան «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու է:
Քրէական գործը կը վարուի «Պայթուցիկ սարքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու ապօրինի պահպանում եւ ձեռքբերում» յօդուածով, սակայն կրնայ վերաորակուիլ՝ իբրեւ ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն: