Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա Եւ Ատրպէյճան կը քննարկեն հայ բնակչութեան` Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները։
Ըստ անոր՝ հայերուն վերադարձը պէտք է իրականացուի` «անոնց իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումով»:
Այլ նիւթերու կողքին, Պաքու եւ Մոսկուա, ըստ Զախարովայի, կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համատեղ պարեկային ծառայութեան կազմակերպումը եւ պատմական ու կրօնական յուշարձաններու պահպանութիւնը:
Զախարովա նաեւ անդրադարձաւ սահմանային լարուածութեան եւ ըսաւ, որ լրջօրէն մտահոգուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին իրադրութեան սրումով եւ կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ:
«Պաքուին եւ Երեւանին հետեւողականօրէն կը յորդորենք զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ զերծ մնալ քայլերէ, որոնք կրնան աւելիով վատթարացնել իրավիճակը», յայտնեց ան՝ շեշտելով, որ ծագող բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ եւ քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով։
Զախարովա յայտնեց, որ «տարածքային վէճերը պէտք է հանգուցալուծուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ», եւ աւելցուց, թէ Մոսկուա պատրաստ է խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ գործընթացին:
Զախարովա ակնարկութիւն կատարեց նաեւ Հայաստանի` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալուն եւ շեշտեց, որ այս մէկը լաւ կերպով պիտի չազդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ` պնդելով, թէ այդ քայլը «Երեւանին կը ստիպէ ընտրութիւն կատարելու»:
«Ասիկա ընտրութիւն է Միջազգային քրէական դատարանին հետ համագործակցութենէն բխող եւ Արեւմուտքին կողմէ թելադրուող պարտաւորութիւններու ու Եւրասիական համարկման ծիրին մէջ Ռուսիոյ հետ քաղաքական երկխօսութեան միջեւ», յայտնեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ նկատի ունենալով այս բոլորը, Մոսկուա «կը պատրաստուի եւ կ՛ակնկալէ երկկողմ յարաբերութիւններուն գծով հայկական կողմէ հաւաստիացումներ ստանալ»: «Այս մասին Երեւանի մէջ քաջատեղեակ են», յայտնեց Զախարովա։