Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային խումբի տղոց անդամ, 67 քլկ․ մրցումներուն մասնակցող Գոռ Սահակեան յաջորդական երկրորդ անգամն ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, Սահակեան երկամարտի 311 քլկ․ արդիւնքով (140+ 171) դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Նշենք, որ Սահակեան 2023ին եւս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան: