Շաբաթ, 17 Փետրուարին, Միւնիխի մէջ, Ապահովական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման վերաբերող քայլերը:
Ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն մը՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին գծով շարունակելու աշխատանքները:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ երկկողմ հանդիպումներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները «երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցին շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները»:
Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Փի.Էյ.»ի Միւնիխի թղթակիցը` նշելով, որ Արարատ Միրզոյեանին եւ Ճէյհուն Պայրամովին նաեւ յանձնարարուեցաւ շարունակել սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները:
Շոլց «Էքս»ի վրայ գրած է, որ երկու կողմերը համաձայնեցան բաց մնացած հարցերը լուծել առանց նոր բռնութիւններու: «Գերմանիա եւ Եւրոպա պատրաստ են, իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն աջակցելու: Ես այդ մէկը հաստատեցի երկու երկիրներուն հետ քննարկումներուն ընթացքին», վերոնշեալ գրութեան մէջ կ՛ըսէ Շոլց:
Իր կարգին Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինա, անդրադառնալով Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Շոլց-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումին՝ «Էքս»ի վրայ գրած է, որ ՆԱԹՕն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Իսկապէս կարեւոր է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան դարձեալ բարձր մակարդակով հանդիպին եւ համաձայնութեան գան երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութեան շուրջ: ՆԱԹՕն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», գրած է Քոլոմինա: