
Սիրան Սեզայի անունը սերտօրէն առնչութիւն ունի կանանց իրաւունքներու եւ հասարակական դերի բարձրացման հարցերու հետ: Արդարեւ, Պոլիս ծնած եւ արեւմտահայ մշակոյթին մէջ յայտնի դէմքերու հետ շփուած Սիրան Զարիֆեան փոքր տարիքէն հանդիպած է այնպիսի մեծութիւններու, ինչպէս՝ Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան, Մեծն Կոմիտաս վարդապետ եւ Արմենակ Շահմուրատեան (Կոմիտասի եւ հայ գեղջկական երգերու գերազանց կատարող): Ըլլալով կրտսեր քոյրը վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի, երէց քոյրը Լիւսի Զարիֆեան Թոսպաթի («Այգ» օրաթերթ)՝ ան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ եղած է առաջին մտաւորական կինը, որ հիմնած է կանաց նուիրուած «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերաթերթը:
Սիրան Սեզա նաեւ գրագէտ էր։ Շրջանաւարտ Պոլսոյ «Ռոպերթ» քոլեճէն, ապա Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն՝ ան նախընտրած է վերադառնալ հայահոծ Միջին Արեւելք եւ նուիրուիլ իր գաղափարներու իրականացման: Ան պաշտպանած է ընդհանրապէս կանանց եւ յատկապէս հայ կանանց իրաւունքները եւ հասարակական կեանքին մէջ աւելի՛ գործուն դեր ունենալու գաղափարները: Այս ընթացքին, ան նամակագրական աշխոյժ կապ ունեցած է իրեն սերնդակիցներու հետ, ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Սարգիս Ապտալեան (Վահէ-Վահեան), Գուրգէն Մահարի եւ ուրիշներ: Այդ նամակները ոչ միայն կը պարունակեն յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ 1930-1960ականներու ազգային, մշակութային եւ գրական շարժումներու մասին, այլ նաեւ գրական-գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն:
Վերջերս լոյս տեսաւ Սեզայի «Նամականի»ի Ա. հատորը, Երեւանի մէջ («Երեւան» հրատարակչութիւն), աշխատասիրութեամբ բանասէր եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի:
Հրատարակութեան մեկենասն են՝ գրագիտուհիին որդին եւ կինը՝ Վահագն եւ Անի Քիւփելեանները, որոնք անցնող երկու տարիներուն, Սեզայի ամբողջ արխիւը անձամբ փոխադրեցին եւ յանձնեցին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին (ԳԱԹ): Կը ծրագրուի մինչեւ տարուան վերջը հրատարակել Սեզայի ամբողջական նամականին:
Այս առթիւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպած է նշեալ հատորին ներկայացումը եւ գինեձօնը՝ առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ յանձնախումբի անդամ դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Պիտի կատարուի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:
Հրաւիրուած են բոլոր գրասէրները:
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ