
Սումկայիթի ջարդերու 36րդ տարելիցին առիթով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն Ատրպէյճան անմիջապէս պատասխանեց։
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը նոյնպէս անդրադարձան Սումկայիթի ջարդերուն:
«1988թ. Փետրուարի 27ին Խորհրդային Ադրբեջանի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ բացարձակ թողտուութեան պայմաններում մեկնարկեցին Սումգայիթի հայ բնակչութեան ջարդերը, որոնք ուղեկցուեցին բռնութիւնների, դաժանութիւնների, բռնի անհետացումների, ունեզրկման, մարդու իրաւունքների զանգուածային ոտնահարումների դէպքերով: Սպաննուեցին հարիւրաւոր հայեր, այդ թւում` կանայք, երեխաներ եւ ծերեր, իսկ հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցին:
Սումգայիթեան ողբերգութեանը յաջորդեցին Կիրովաբադի, Բաքուի եւ Ադրբեջանի այլ հայաշատ բնակավայրերի հայութեան ջարդերը: Այս շղթայական իրադարձութիւնները, ինչպէս դրանցից առաջ Նախիջեւանի ամբողջական հայաթափումը, ցոյց տուեցին, որ յիշեալ ոճրագործութիւնները ոչ թէ ազգայնամոլութեան հիմքի վրայ բռնութիւնների առանձին դրուագներ էին, այլ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած հայատեացութեան քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումներ: Այդ քաղաքականութեան հետեւանքով Խորհրդային Ադրբեջանից բռնի տեղահանման ենթարկուեց շուրջ 500 հազար էթնիկ (բնիկ) հայ: Յատկանշական է, որ այդ իրադարձութիւնները թիրախաւորել են ոչ միայն հայ բնակչութեանը. դրանք ուղեկցուել են նաեւ հայկական ժառանգութեան եւ ընդհանուր առմամբ հայկական հետքի վերացման կանխամտածուած գործողութիւններով: Արդէն 21րդ դարում, լիակատար անպատժելիութեան պայմաններում Ադրբեջանի նոյն քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայութեան ահաբեկման, անմարդկային շրջափակման, սովամահութեան մատնելու եւ ի վերջոյ ուժի կիրառման միջոցով Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափելու, էթնիկ (ցեղային) զտման ենթարկելու քաղաքականութիւնը, որն աւարտին հասցուեց անգամ ի հեճուկս ՄԱԿ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմից ընդունուած իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող երեք որոշումների: Այսօր էլ Ադրբեջանը շարունակում է իր վերահսկողութեան ներքոյ հայկական որեւէ հետքի վերացմանն ուղղուած քաղաքականութիւնը` պղծելով, վանդալիզմի ենթարկելով եւ ոչնչացնելով հայկական կրօնական ու պատմամշակութային կոթողները: Այսօր էլ, արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ շարունակուող այլատեաց եւ թշնամական քաղաքականութիւնն ուղեկցւում է բարձրագոյն մակարդակով հնչող ատելութեան խօսքով, սպառնալիքներով եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) հռետորաբանութեամբ, որը խոչընդոտ է ժողովուրդների միջեւ թշնամանքի յաղթահարման եւ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ճանապարհին: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է համարժէք գնահատական տայ տեղի ունեցած զանգուածային ոճրագործութիւններին եւ գործարկի առկայ բոլոր մեխանիզմները (գործիքակազմերը)` կանխելու նման ոճրագործութիւնների կրկնութիւնը եւ նպաստելու Հարաւային Կովկասում արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի անկեղծ ջանքերին», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Այդ յայտարարութեան արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ` դիտել տալով, որ ատրպէյճանցիները որեւէ կապ չունին Սումկայիթի հայ բնակչութեան` 1988ի Փետրուարին տեղի ունեցած ջարդերուն հետ:
«Կ՛ուզեմ յիշեցնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ ազգամիջեան ենթահողէ մեկնած տեղի ունեցած Սումկայիթի անկարգութիւնները ԽՍՀՄ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հայ շովինիստ-գաղափարախօսներու եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն կողմէ նախապէս մտածուած եւ ծրագրուած նպատակաուղղուած սադրանքներու մէկ մասն էին», յայտարարեց Հաճիզատէ, ըստ որուն, «այն հանգամանքը, որ Սումկայիթի դէպքերու զոհերուն մէջ վեց ատրպէյճանցիներ կային, կը վկայէ, որ անկարգութիւնները ատրպէյճանցի բնակչութեան ձեռքի գործը չէին»:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին` զօրակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն, բոլոր տուժած եւ տեղահանուած անձերուն: «Այսօր մենք հայ ժողովուրդին հետ կը սգանք 1988ին,Սումկայիթի մէջ բոլոր զոհերը։ Մենք կը շարունակենք աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ յանուն խաղաղութեան, որպէսզի այսպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուին», գրած է Քուին:
Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւս ցաւակցեցաւ 36 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ, ատրպէյճանական վայրագութիւններուն պատճառով հարազատներ եւ ընկերներ կորսնցուցած անձերուն: «Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք 36 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կորսնցուցին իրենց հարազատները եւ ընկերները: Մենք բոլորս պէտք է շարունակենք հաշտեցման եւ կայուն, տեւական խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ջանքերը, որպէսզի համոզուինք, որ այսպիսի ողբերգութիւններ երբեք չեն կրկնուիր», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Մարակոս: