«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան, անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ատրպէյճան Սիւնիքի մարզին ուղղութեամբ զօրքեր կը կուտակէ՝ հաստատեց, որ գետնի վրայ կացութիւնը յարաբերաբար կայուն է եւ սահմանին կուտակումներ չկան։
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ Ատրպէյճան շուրջ 20 դիրքեր ունի` Ասրեան ըսաւ. «Շփման գիծն իրենից ներկայացնում է մի այնպիսի կառուցուածք, որը ե՛ւ հակառակորդի կողմից, ե՛ւ մեր կողմից դիրքեր են տեղադրուած, ու եթէ հակառակորդն ունի 20 դիրք ուրեմն մենք էլ… բայց քանակը չբացայայտեմ»։