7 Մարտին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերու պետական յանձնաժողովները հանդիպում ունեցան:
Փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահած յանձնաժողովները անդրադարձան սահմանազատման հարցերուն եւ սկսան համաձայնեցնել յանձնաժողովի միացեալ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագիծը, անոնք նաեւ քննարկեցին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերեալ ուղեցոյցներու նախագիծերը: