Հայաստան իր հրետանային կարողութիւնները հզօրացնելու նպատակով, 155 միլիոն տոլար արժողութեամբ 155 մմ. տրամաչափի 84 միաւոր ATAGS արդիական հրետանային սարքեր կը գնէ Հնդկաստանէն, կը հաղորդէ հնդկական Army Recognition պարբերականը։
Ըստ պարբերականին՝ TAGS-ի հրաձգութեան հեռահարութիւնը 48 քիլոմեթր է եւ կատարելապէս յարմարցուած է Հայաստանի պայմաններուն։ 2023ին Հայաստան ձեռք բերած էր 6 TAGS-եր եւ հնդկական ընկերութիւններուն հետ կնքած քանի մը պայմանագիրներ եւս՝ MArG 155 ինքնագնաց հրասանդեր եւ Akash հակօդային պաշտպանութեան համակարգի գնումին շուրջ։
Army Recognition-ը նաեւ կը նշէ, թէ Հայաստանի կողմէ ATAGS-ի գնումը տեղի կ՛ունենայ Կովկասի մէջ աճող լարուածութեան ենթախորքին վրայ: «Այդ երկիրը կը ձգտի արդիականացնել իր բանակը՝ իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն։ Այս գործարքը ոչ միայն կարեւոր է Հնդկաստանի եւ Հայաստանի պաշտպանական յարաբերութիւններու առումով, այլ նաեւ ցոյց կու տայ Հնդկաստանի կարեւոր նշանակութիւնը միջազգային պաշտպանութեան ոլորտի շուկային մէջ, իբրեւ առանցքային դերակատար»։