12 Մարտին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուսերը հանելու մասին քննարկումներուն` յայտարարեց, որ Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը նամակով դիմած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած է «Զուարթնոց»ի մէջ ծառայութիւն իրականացնելուն համար:
«Տեղեկացրել ենք, որ քանի որ մեր երկրում պետական ինստիտուտները (հիմնարկութիւնները) զարգանում են, ՀՀ սահմանապահ ծառայութիւնը «Զուարթնոց»ում բաւարար փորձ, հմտութիւն է ձեռք բերել, որպէսզի օդանաւակայանում սահմանապահ հսկողութիւնն իրականացնի առանց ռուսական կողմի աջակցութեան», ըսաւ Փաշինեան` յստակացնելով, որ Երեւան ոչ թէ դիմած, այլ տեղեկացուցած է ռուսական կողմին այդ որոշման մասին:
«Եւ այնտեղ ժամկէտը նշուած է 2024 թուականի Օգոստոսի 1», ըսաւ Փաշինեան` աւելցնելով. «Օգոստոսի 1ից մենք ծառայութիւնը ինքնուրոյն կ՛իրականցնենք»:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ ստացած են «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահներուն աշխատանքը դադրեցնելու մասին Երեւանի ծանուցումը։
«Իսկապէս գրութիւնը ստացած ենք: Գերատեսչութիւններուն միջեւ այժմ հաստատուած են կապեր: Աւելին չեմ կրնար ըսել ներկայ դրութեամբ, անշուշտ կապերը բոլոր հնարաւոր մակարդակներու վրայ կը շարունակուին», ըսաւ Փեսքով: